ԵՐԵՒԱՆ.- Ռուսիա կատարած աշխատանքային այցելութեան իբրեւ արդիւնք՝ տարբեր գերատեսչութիւններու պիտի տրուին յստակ յանձնարարականներ: Այս մասին, 15 Յունիսին, կառավարութեան նիստի մեկնարկին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: «Գիշերը մենք վերադարձանք Մոսկուայէն, ուր կը գտնուէի աշխատանքային այցելութեամբ: Կ՛ուզեմ ըսել, որ արդիւնաւէտ այցելութիւն ունեցանք եւ կրնանք արձանագրել, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները կը զարգանան շատ աւելի լաւ քայլերով՝ քան ընդունուած է կանխատեսել հայկական եւ ոչ միայն հայկական մամուլին մէջ: Մեր յարաբերութիւններուն մէջ հարցներ չկան, անհրաժեշտ է աշխատիլ, որպէսզի տնտեսական ներուժը լիարժէքօրէն իրականացուի», ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ բազմաթիւ նախարարներու հետ զրոյցներ պիտի ունենայ եւ պիտի տրուին յստակ յանձնարարականներ:
Գործադիր իշխանութեան ղեկավարը ընդգծեց, որ կառավարութիւնը եւ առընթեր մարմինները պէտք է լրջօրէն աշխատին, որպէսզի պտուղի եւ բանջարեղէնի արտածման ամբողջ ուժը լիարժէքօրէն օգտագործուի: Ըստ Փաշինեանի՝ Ռուսիա անոր կարիքը ունի եւ այնտեղ յոյս ունին, որ Հայաստան լիարժէք կերպով մատակարարումներ պիտի իրականացնէ», ըսաւ վարչապետը: Յիշեցնենք, որ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 13-14 Յունիսին, աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած էր Ռուսիա: