Չորեքշաբթի, 16 Մայիս 2018ին, ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Երկրորդական վարժարանի 10րդ դասարանի յառաջադէմ խումբը ունեցաւ իր աւանդական գրական «ուխտագնացութիւնը»:
Դասարանի 11 աշակերտները, հայոց գրականութեան ուսուցիչ Նորայր Տատուրեանի հետ քալեցին վարժարանի փողոցին վրայ գտնուող այն տունը, որուն պարտէզին մէջ հասակ նետած են հինգ սեւ նոճիներ:
Աշակերտները այդ բարձրահասակ ծառերու շուքին տակ ուսումնասիրեցին նոճիներուն նուիրուած քերթուած մը, որուն հեղինակն է 19րդ դարու պոլսահայ բանաստեղծ Տիրան Չրաքեան (Ինտրա, 1875-1921):
Աշակերտները նախ սորվեցան այդ ծառերուն մասին բուսաբանական գիտելիքներ, ապա՝ թէ ինչպէ՛ս այդ մշտադալար եւ «մշտակոթող» ծառերը գրականութեան մէջ անմահութեան խորհրդանշաններ են: Բացօթեայ դասախօսութեան գրական բաժինին մէջ, ընթերցելով այդ բանաստեղծութիւնը՝ աշակերտները տեսան, թէ բանաստեղծը ինչպէ՛ս կը հակադրէ երկրային «նուաստ» եւ երկնային «լուսաւոր» աշխարհները:
Նոճիներու տարեկան այս այցելութիւնը վերածուած է աւանդութեան, որ աշակերտներուն կու տայ հայկական քերթողութիւնը բնութեան մէջ վայելելու հաճոյքը:
(Թղթակցութիւնը՝ Վարժարանէն)