ՆՈՐԹՐԻՃ.- Համեստ աղջնակ մը ինչպէ՞ս կը ծաղկի՝ դառնալու համար գերմարաթոն մրցումներու մասնակցող մարզիկ եւ մրցակից մը։
Թելմա Ղազարեան-Ալթուն Իրանէն Միացեալ Նահանգներ փոխադրուած է 12 տարեկան հասակին, երբ արդէն իսկ անոր մէջ կ՛երեւէին օրինակելի մարզիկի մը յատկանիշները, եւ Կլենտէյլի Հանրային երկրորդական վարժարան յաճախած առաջին տարին իսկ ընտրուած էր վարժարանի վազքի խումբի անդամ։
Մարզական կրթանպաստով Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարան յաճախած տարիներուն, ան եղած է համալսարանի մարզական խումբերու անդամ՝ փայլելով համալսարանական առաջին դասակարգի մրցումներուն:
Այս բոլոր յաջողութիւնները շատ հեռու էին համեմատաբար նոր ծնունդ առած եւ ֆիզիքական ու հոգեկան երկար նախապատրաստութիւն պահանջող գերվազքի (ultra-running) մրցումներու չափանիշներէն։ Այդ մարզէն ներս անոր առաջին փորձառութիւնը եկաւ 2007ին, երբ ան մասնակցեցաւ 31.25 մղոննոց (50 քլմ.) մրցումի մը, Սիմի հովիտին մէջ, հակառակ անոր որ ան մինչ այդ՝ նոյնիսկ մարաթոն մրցումի մը (26 մղոն) չէր մասնակցած։ Այնուհետեւ, ան չէ դադրած եւ մասնակցած է նման շարք մը այլ մրցումներու՝ Եւրոպայի, նաեւ Քալիֆորնիոյ անապատներուն մէջ, որոնցմէ ոմանք աւելի քան 170 մղոն (272 քլմ.) եղած են։ Ան ամբողջացուցած է նաեւ Արցախի «Ճանապարհ» կոչուող արշաւային երթուղին։
Անոր նախընտրած մրցումը եղած է Արիզոնայի Կրենտ Քենիընէն մինչեւ Եութայի Կրենտ Էսքելանթէ շրջան կատարած 176 մղոն (275 քլմ.) մրցումը, որուն մասնակիցները ոչ մէկ արտաքին օժանդակութիւն կը ստանան։ Իրեն համար ամենադժուարը եղած է Քալիֆորնիոյ «Ճաշուա Թրի» ազգային զբօսավայրին մէջ կատարած 62.5 մղոն (100 քլմ.) մրցումը, զոր աւարտած էր առաջին դիրքի վրայ՝ կանանց մէջ, իսկ ընդհանուրին մէջ՝ երկրորդ դիրքի։
Թելման սովորաբար առաջատարներուն շարքին կ՛աւարտէ մրցումները եւ միշտ լուսարձակի տակ կ՛առնէ իր հայ ըլլալը. հայկական Եռագոյնը միշտ կ՛ընկերանայ իրեն: Ան նաեւ պատուոյ դեսպան է այս մարզաձեւին յատուկ տարազներ եւ ուտեստեղէն հայթայթող երեք ընկերութեանց՝ «XoSkin»ի, «IRUN4ULTRA» եւ «Health Warrior Superfoods»ի։
«Կը յուսամ այս մարզաձեւին տարածումը ապահովել նաեւ Հայկական բարձրաւանդակին մէջ ու մասնակցիլ Միլանոյի մէջ կայանալիք 175 մղոննոց մրցումին», կը յայտնէ Թելմա՝ ակնարկելով այն մրցումին, որուն կրնայ մասնակցիլ միայն 50 հոգի։
Նշենք, որ ան հանդիսացաւ առաջին հայը, որ իրաւունք ստացաւ մասնակցելու «Պետուոթըր 135» անունուվ ծանօթ 135 մղոննոց մրցումին, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 23էն 25ի միջեւ, Քալիֆորնիոյ Տեթ Վելիի (Մահուան հովիտ) անապատին շատ տաք պայմաններուն մէջ։