ՊԸՐՊԵՆՔ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄին նախաձեռնած եւ ՀՄԸՄի հիմնադրութեան հարիւրամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս, Շաբաթ, Յունիս 23ին պիտի կայանայ երիտասարդական եւ Հայաստան-Սփիւռք հարցերու նուիրուած խորհրդաժողով մը, որուն 2րդ քննարկման մասնակիցները որոշուած են արդէն։
Արդարեւ, «Ապագան զօրաշարժի ենթարկել. Դատի մը ջատագովումը՝ ժողովրդային ջանքերով» խորագրուած հաւաքին համադրողը պիտի ըլլայ դոկտ. Թալին Քարկոտորեան, իսկ ելոյթներ պիտի ունենան՝ Ճոզէֆ Քասքանեան, Վարանդ Աւանէսեան, Մհեր Խաչատուրի, Ռապըրթ Աղաւերդեան եւ Հռիփսիմէ Բիազեան։ Խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ «Ուուտպըրի» համալսարանի «Ֆլեչըր Ճանզ» սրահին մէջ:
Միօրեայ սոյն խորհրդաժողովի քննարկումներուն ընթացքին շեշտը պիտի դրուի համայնքային կազմակերպութիւններու կամ այլ միջոցներով իրականացուող կամաւոր գործունէութեան կարեւորութեան, անոր ուժին եւ երիտասարդութիւնը ընկերային կեանքի աշխոյժ մասնակիցը դարձնելու կարելիութիւններուն վրայ։ Իւրաքանչիւր բանախօս պիտի ներկայացնէ իր կազմակերպութեան փորձառութիւնները, յաջողութիւնները եւ մարտահրաւէրները։
«Հպարտ ենք, որ առիթը ունինք նման հաւաք մը կազմակերպելու ՀՄԸՄի համար պատմական այս տարուան ընթացքին։ Մեր նպատակն է Սփիւռքի հայ երիտասարդութիւնը յուզող հարցերուն շուրջ քննարկումներու յարմար մթնոլորտ մը ստեղծել, միաժամանակ՝ առիթ ստեղծելով փորձառութեան բաժանման, որպէսզի մեր ազդեցութիւնը աւելի զգալի դառնայ Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ», կը նշէ ՀՄԸՄի երիտասարդական յանձնախումբի վարչութեան անդամ Սօսէ Խաչատուրեան։
Հռիփսիմէ Բիազեան Համահայկական ուսանողական միութեան վարչութեան խորհրդատուն է եւ այդ մարմինին ատենապետը եղած է 2016-2017 տարիներուն, իսկ փոխատենապետը՝ 2015ին եւ 2016ին։
Ճոզէֆ Քասքանեան երկու շրջան անդամ եղած է Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի Կեդրոնական վարչութեան, ինչպէս նաեւ եղած է վարչութեան կապը Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան մօտ, որուն անդամ է ներկայիս։
Ռապըրթ Աղաւերդեան հիմնադիրներէն մէկն է եւ ներկայ նախագահը «Առողջութեան կամուրջ» կազմակերպութեան, որ երիտասարդներու կողմէ կառավարուող մարմին է, նպատակ ունենալով օժանդակել Հայաստանի մէջ քաղցկեղէ տառապող երեխաներու։
Վարանդ Աւանէսեան հիմնադիրներէն մէկն է ՀՄԸՄի երիտասարդական յանձնախումբին, որուն նպատակն է ՀՄԸՄի սկաուտական շարքերէ եւ մարզական ակումբներէ շրջանաւարտ անդամները ներգրաւել ՀՄԸՄի եւ համայնքի գործունէութեանց մէջ։
Մհեր Խաչատուրի հիմնադիրներէն մէկն է «Միացեալ Հայեր» կազմակերպութեան, որ կ՛աջակցի Հայաստանի մէջ ենթակառոյցի զարգացման ծրագիրերու իրականացման՝ կեդրոնանալով յատկապէս երկրի գիւղական շրջաններուն վրայ։
Դոկտ. Թալին Քարկոտորեան Շամլեան Ազգային վարժարանի տնօրէնուհին է եւ երկար տարիներով եղած է ՀԵԴի ու ՀՄԸՄի անդամ, ինչպէս նաեւ մասնակցած է ՀԵԴի «Երիտասարդական ջոկատներ» ծրագիրին։
Յայտնենք, որ խորհրդաժողովը պիտի ընդգրկէ նաեւ «Ապագայի հզօրացում. Դերակատարութիւնդ՝ աւելի՛ հզօր Հայաստան մը ստեղծելու ջանքերուն մէջ» խորագրուած հաւաքը, որուն ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան Վաչէ Թոմասեան եւ Մարկարիթա Պաղտասարեան, իսկ քննարկումը պիտի համադրէ Էլէն Ասատրեան:
Նշենք նաեւ, որ Սեպտեմբեր 16ին, Կլենտէյլի Հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ բացումը տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄի պատմութեան նուիրուած ցուցահանդէսին, իսկ նոյն օրը, քաղաքի Կեդրոնական զբօսայգիին մէջ տեղի պիտի ունենայ ժողովրդային փառատօն մը՝ միասնաբար տօնելու ՀՄԸՄի հարիւրամեակը:
Հարիւրամեակի պաշտօնական արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան Հոկտեմբեր 5ին (Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ մէջ) եւ Հոկտեմբեր 28ին՝ Կլենտէյլի Հանրային երկրորդական վարժարանին մէջ:
Նշեալներուն կողքին, Նաւասարդեան 43րդ խաղերը պիտի կայանան Յուլիս 3էն 7, իսկ աւանդական Յաղթանակի պարահանդէսը՝ Յուլիս 1ին:
Նաեւ, աշխատանք կը տարուի հարիւրամեակին առիթով համացանցային յատուկ կայք մը հաստատելու գծով՝ www.WeAre100.info հասցէով:
Հարիւրամեակի նախաձեռնութեանց մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել
www.facebook.comHomenetmenUSAWR կայքէջը, կամ «Instagram»ի միջոցաւ՝ @Homenetmen_Western_USA, իսկ հովանաւորութեան կարելիութեանց ծանօթանալու համար, դիմել (510) 858-4003 թիւին կամ sponsorship@weare100.info հասցէին։