ՊՈԼԻՍ, «Տեմոքրաթհապեր».- Թուրքիոյ մէջ սկսած նախընտրական քարոզարշաւի առաջին 35 օրերուն ընթացքին ձերբակալուած են քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համար քարոզչութիւն կատարող 136 կուսակցականներ: Նաեւ, քարոզարշաւին ընթացքին, ցարդ 12 յարձակում գործուած է քարոզչութիւն կատարող անձերու եւ նոյն կուսակցութեան գրասենեակներուն դէմ:
Յարձակումներու 12 դէպքերէն 6ը արձանագրուած է Պոլսոյ մէջ, երկուքական յարձակում տեղի ունեցած է Իզմիրի եւ Անթալիոյ մէջ, իսկ մէկական յարձակում՝ Ալեքսանտրէթի եւ Էտիրնէի մէջ:
Նաեւ, Սղերդի մէջ, քրտամէտ կուսակցութեան համանախագահ Սեզայի Թեմելլիի այցելութեան ընթացքին, անոր ինքնաշարժներու շքախումբին միացած բոլոր վարորդները անխտիր տուգանքի ենթարկուած էին:
Յիշենք, որ կուսակցութեան կողմէ նախագահի թեկնածու առաջադրուած Սալահետտին Տեմիրթաշ Նոյեմբեր 2016էն ի վեր բանտարկուած կը մնայ: Անոր փաստաբանները դատարանին պահանջ ներկայացուցած էին Տեմիրթաշը պայմանականօրէն ազատ արձակելու, սակայն՝ ապարդիւն:
ՔԵԹԻ ՓԻՐԻ ԿՈՉ Կ՛ԸՆԷ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿԵԼՈՒ ՏԵՄԻՐԹԱՇԸ
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Եւրոխորհրդարանի Թուրքիոյ հարցերով զեկուցող Քեթի Փիրի, անդրադառնալով 24 Յունիսին Թուրքիոյ մէջ կայանալիք նախագահական ու խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններուն՝ դիտել տուաւ, որ յատկապէս քրտամէտ կուսակցութեան նախընտրական քարոզչութիւնը կը խոչընդոտուի։ Ան նաեւ շեշտեց, թէ ազատ ու արդար ընտրութիւններ կատարելու համար, նախ եւ առաջ ազատ պէտք է արձակուի այդ կուսակցութեան նախագահական թեկնածուն՝ Տեմիրթաշը։ Փիրի նաեւ կոչ ուղղեց, որ նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին Տեմիրթաշին տրամադրուին այն նոյն պայմանները, զորս կը վայելեն ընդդիմադիր ուժերու միւս թեկնածուները։
Եւրոպացի դիւանագէտը մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ արտակարգ դրութեան առնչութեամբ՝ նշելով, որ այդ պայմաններուն տակ ճնշումներ կը գործադրուին մամլոյ ազատութեան վրայ։