Առաջին հատորին մէջ ներառուած 393 փաստաթուղթերը կը ներկայացնեն 1914էն՝ Առաջին Աշխարհամարտի սկիզբէն մինչեւ Փետրուար 1917ի իրադարձութիւնները: Հրատարակուած փաստաթուղթերը կը պահուին Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ:
Երկրորդ հատորին մէջ ընդգրկուած 456 փաստաթուղթերը կ՛առնչուին Մարտ 1917էն մինչեւ 1920ի վերջաւորութեան տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն:
Անոնք կը ներկայացնեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի, Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի եւ առանձին հոգեւորականներու դերն ու գործունէութիւնը եւ Մայր Աթոռի ու Հայաստանի կառավարութեան փոխյարաբերութիւնները:
Գրեթէ բոլոր փաստաթուղթերը կը հրատարակուին առաջին անգամն ըլլալով, բնագիրի լեզուով՝ մասնակի ուղղագրական եւ կէտադրական սրբագրութիւններով:
Երկհատորեակը հրատարակուած է Մայր Աթոռի միաբան Փառէն արք. Աւետիքեանի մեկենասութեամբ՝ ի յիշատակ իր եղբօր՝ Աստուածատուր Աւետիքեանի: