ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Մշակութային հիմնարկութիւնը որոշած է յետաձգել իր այս տարուան գլխաւոր ձեռնարկը, ի տես Հայաստանի մէջ վերջին քանի մը շաբաթներուն տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, որոնք յառաջ բերած են ժողովրդային աննախընաց շարժում մը, որ գրաւած է համայն հայութեան ուշադրութիւնը։
Հայ Մշակութային հիմնարկութիւնը կ՛ողջունէ եւ նեցուկ կը կանգնի այս ժողովրդավարական շարժումին եւ վստահ է, որ անիկա պիտի առաջնորդէ ապագայ սերունդներուն համար աւելի հզօր Հայաստան եւ Արցախ մը կերտելու ջանքերուն՝ միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ ներկայ տագնապին սահմանադրական խաղաղ լուծում մը կը գտնուի։
Նշենք, որ Հայ Մշակութային հիմնարկութեան տարեկան ձեռնարկը որոշուած էր կայացնել Կիրակի, Մայիս 6ին, «Պեվըրլի Հիլզ» պանդոկին մէջ։ Անոր նոր թուականը աւելի ուշ պիտի յայտարարուի։
Հայ Մշակութային հիմնարկութիւնը նաեւ վստահ է, որ իր երկարամեայ հովանաւորողներն ու բարեկամները ըմբռնումով պիտի մօտենան այս որոշումին՝ գիտակցելով, որ հայրենիքի մտահոգութիւնները առաջնահերթ են որեւէ ձեռնարկէ, նոյնիսկ եթէ այդ նախաձեռնութեան նպատակն է աջակցիլ Հայաստանին, Արցախին եւ մեր երիտասարդութեան։
Հայ Մշակութային հիմնարկութիւնը որոշած է իր այս տարուան ձեռնարկի ծիրին մէջ մեծարել համայնքի երկարամեայ գործիչներ եւ բարերարներ՝ տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Նունէ Սեփեթճեանները եւ անոնց ընտանիքը։ Նաեւ, այս տարուան ձեռնարկը նուիրուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակին։
Յիշեցնենք, որ Սարգիս եւ Նունէ Սեփեթճեանները ստանձնած էին հովանաւորութիւնը Հայ Մշակութային հիմնարկութեան անցեալ տարուան ձեռնարկին եւ տարիներէ ի վեր նեցուկ կը կանգնին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Հայ Մշակութային հիմնարկութեան, ինչպէս նաեւ ազգային վարժարաններուն եւ Ազգ. առաջնորդարանին, Հայաստանի մէջ բարեսիրական գործունէութիւն մշակելու կողքին։
Հայ Մշակութային հիմնարկութիւնը համայնքէն ներս մշակութային, կրթական ու երիտասարդական ծրագիրներու ջատագով եւ զանոնք հովանաւորող կազմակերպութիւն է։