ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Երեւանի Հանրապետութիւն հրապարակէն հնչած խօսքերն ու լօզունգները համազգային համերաշխութեան ուժեղ երանգներ կը պարունակեն: Ժողովրդային շարժումի՝ Թաւշեայ յեղափոխութեան ղեկավարի ու անոր շրջապատի գործիչներու ելոյթներէն կարելի է ուրուագծել այն կարեւոր սկզբունքները, որոնք պիտի առաջնորդեն անոնց գործունէութիւնը՝ իշխանութեան լծակներուն տիրանալէ ետք:
Այդ սկզբունքներէն ամէնէն կարեւորը, անշո՛ւշտ, ազգային ուժերու հետ համախոհութեամբ կառավարելու պատրաստակամութիւնն է, որուն շնորհիւ, այս անցումային ճակատագրական հանգրուանին, կարելի կ՛ըլլայ խուսափիլ ամէն տեսակի ցնցումներէ ու տագնապներէ:
Հայաստանի քաղաքական ուժերուն հետ խորհրդակցելու եւ զանոնք կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մասնակից դարձնելու տրամադրութիւնը, կը յուսանք, որ շօշափելիօրէն կ՛արդիւնաւորուի՝ Նոր Հայաստանը կերտելու համընդհանուր տենդ մը յառաջացնելու նպատակին ծառայելով:
Մթնոլորտը, նոյն ինքն յաղթանակի շունչը, նպաստաւոր միջավայր կը ստեղծէ այս համագործակցութեան, որուն ալիքները անպայմանօրէն կը հասնին Սփիւռքի բոլոր անկիւնները, իւրաքանչի՛ւր հայորդիի:
Ի միջի այլոց, Նոր Հայաստանին համընթաց, Սփիւռքն ալ նորոգուելու մարտահրաւէրին առջեւ պիտի գտնէ ինքզինք, նախ՝ ներքին համերաշխութիւն ստեղծելու, ապա՝ Հայաստանին իսկակա՛ն նեցուկ ապահովելու առաջադրանքով: Ներքին համերաշխութիւնը պէտք է ըլլայ ոչ միայն միջմիութենական, միջկազմակերպական, այլեւ՝ ներմիութենական ու ներկազմակերպական: Մենք բոլորս ալ պարտաւոր ենք աւելի՛ լարուիլ, աւելի՛ նպատակասլաց աշխատիլ ու համահայկական հնարաւորութիւնները աւելի՛ ճշգրիտ հունաւորել դէպի արդար, բարգաւաճ, հզօր Հայաստանի ստեղծում:
Կապրենք ր կտեսնենք:
Ու
Hard to believe that anything can change not only in Armenia but throughout the Caucasus.
Ընդհանրապէս «կապրենք կը տեսնենք» նրանք են ասում, ովքեր ցանկանում են միայն դիտորդի դերում մնալ, որպէսզի յետագային որպէս անսխալական, քննադատելու մանրունքներ փնտռեն: Այո, սփիւռքն էլ ինքնամաքրման, համերաշխութեան ու համագործակցութեան կարիքն ունի, անխտիր բոլորի մասնակցութեամբ: Պէտք է քաջութիւնը ունենալ մասնակից լինել և ինչ որ բաժին բերել հանուն «ներմիութենական ու ներկազմակերպական» ինքնամաքման ու համերաշխութեան, ասելով «Կը մասնակցենք ու կը տեսնենք», փոխան հեռու նստել և ասել «Կապրենք ու կը տեսնենք»: Այն ժամ Սփիւռքն էլ Թաւշեայ Յեղափոխութիւն արած կը լինի: