ՄՈՍԿՈՒԱ, «Էյ.Փի.».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա Ապրիլ 19ին յայտարարեց, որ սուրիական կառավարական ուժերը Արեւելեան Ղութայի մէջ յայտնաբերած են «Գերմանիայէն բերուած արկղեր, որոնք կը պարունակէին քլոր նիւթը, որ քիմիական զէնքերուն ամէնէն ահաւորն է»։
Ան «շատ սարսափելի» որակած է այս բացայայտումը՝ աւելցնելով. «Մենք ամբողջ երկրի մը մասին չենք խօսիր, այլ՝ քաղաքական գործիչներու եւ ղեկավարներու, որոնք այդպիսի հրամաններ կ՛արձակեն»։
Նշենք, որ Սուրիա եւ Ռուսիա տարբեր առիթներով յայտարարած են, թէ սուրիական ուժերը քիմիական նիւթեր չեն օգտագործած Արեւելեան Ղութայի մէկ մասը կազմող Տումայի մէջ, պնդելով, որ կառավարութեան դէմ պայքարող իսլամ ծայրայեղական կազմակերպութիւններն են որ նման արարքներու դիմած են։
Իր կարգին, «Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ Ապրիլ 19ին տեղի ունեցած է Դամասկոսի Քալամուն շրջանը գտնուող Տմեր գիւղի «Իսլամական բանակ» ահաբեկչական խմբակի զինեալներուն ու անոնց ընտանիքներուն տեղափոխումը դէպի Ճարապլուս: Մօտաւորապէս 1500 զինեալներ եւ անոնց 3500 ընտանեկան պարագաները հեռացած են գիւղէն: Ահաբեկիչները սուրիական բանակին յանձնած են իրենց զէնքերը, իսկ բանակը սկսած է ականազերծելու գիւղը։