ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանած է Թուրքիոյ մէջ Յունիս 24ին կանխահաս ընտրութիւններու դիմելու նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի անակնկալ որոշումը՝ նշելով, որ արտակարգ իրավիճակի պայմաններուն տակ «շատ դժուար պիտի ըլլայ ամբողջովին ազատ ու թափանցիկ ընտրութիւններ կազմակերպել»։
«Մտահոգիչ է այս պարագան, քանի որ արտակարգ դրութեան պայմաններուն տակ՝ օրէնքի գերակայութիւն չի կրնար ապահովուիլ», նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Միւս կողմէ, Էրտողան Ապրիլ 19ին բացատրութիւններ տուաւ, թէ ինչո՛ւ առնուեցաւ կանխահաս ընտրութեանց որոշումը։ Ան պնդեց, որ երկրին մէջ տիրող անորոշ կացութիւնը սկսած էր տնտեսութեան վնաս պատճառելու, եւ այդ կացութիւնը բարեփոխելու եւ հրապարակը հանգստացնելու համար հարկաւոր էր նման որոշում մը։ Ան որոշումը կապեց նաեւ տարածաշրջանին մէջ տիրող զարգացումներուն։