ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Թուրքիոյ մէջ տարածուող ընդհանուր կարծիքին համաձայն՝ անհրաժեշտութիւն դարձած էր կանխահաս ընտրութեամբ մը յստակացնել կառավարութեան իրավիճակը: Սակայն, ամէն անգամ, երբ օրակարգի կու գար կանխահաս ընտրութեան մը հաւանականութիւնը, նախագահ Էրտողան շատ ստոյգ կերպով կը մերժէր նման վարկած մը եւ կը յայտարարէր, թէ ընտրութիւնը պիտի կատարուի կանխատեսուած թուականին, որն է յառաջիկայ տարուան Նոյեմբերը: Սակայն, անակնկալներով լեցուն Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգին մէջ ոչ ոքի համար անսպասելի դարձաւ Տեւլեթ Պահչելիի ելոյթը, ուր ան կ՛առաջարկէր ընտրութիւնները կատարել այս տարուան Օգոստոսին: Իսկ Ապրիլ 18ին, Էրտողան ու Պահչելի մէկտեղուեցան եւ համատեղ խորհրդակցութիւններէ ետք յայտարարեցին կանխահաս ընտրութեանց թուականը՝ Յունիս 24։ Ճիշդ է, որ կանխահաս ընտրութիւն կը սպասուէր, սակայն այժմ յայտարարուած թուականը կարելի չէ «կանխահաս» կոչել, քանի որ անիկա ունի յանկարծակի յարձակումի մը բնոյթը եւ կը միտի ընդդիմադիրները անպատրաստի կերպով առաջնորդել դէպի ընտրութեան սնտուկները: Այս ռազմավարութիւնը կ՛ապահովէ արդեօք կանխատեսուած նպաստը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.