Ուրբաթ, 16 Մարտիին, Պրիւքսէլի «Հայ տուն» մշակութային կենդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք Ենք, Մեր Սարերը» վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւնը՝ նուիրուած ղարաբաղեան շարժման 30ամեակին: Ձեռնարկըը կազմակերպուած էր Արցախի արաքին գործոց նախարարութեան եւ «Հայ տուն» կենդրոնին կողմէ:
Ֆիլմը, որ «Ֆրանսիայի մէջ Արցախի օրեր» փառատօնի շրջագիծին մէջ արդէն ցուցադրուած էր Ֆրանսայի շարք քաղաքներու մէջ, հանդիսատեսին ներկայացուց ֆիլմի հեղինակը՝ ֆրանսահայ բեմադրիչ Առնօ Խայաճանեան:
Ձեռնարկին ներկայ էին յահաստանցի դիւանագէտներ եւ Պելճիքայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: