Պոլսոյ Քատիր Հաս համալսարանին մէջ կատարուեցաւ բացումը հայազգի նկարիչ Տարօն Մուրատեանի «Բացայայտ գաղտնի խաղ» խորագիրով ցուցահանդէսը:
«Էրմենիհապեր»ը կը փոխանցէ, թէ այս արուեստագէտին առաջին ցուցահանդէսն է Թուրքիոյ մէջ: Ցուցահանդէսի համակարգողը փրոֆ. Հասան Պիւլենթ Քահրամանն է:
Խօսելով իր աշխատանքներուն մասին՝ Մուրատեան ըսաւ. «Ես շատ չեմ խօսիր, թող նկարները խօսին: Թող այցելուները որոշեն, թէ ինչ կը պատմեն նկարներս»:
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 1 Յուլիս 2018: