ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային ԻԱ. Ներկայացուցչական ժողովը գումարուեցաւ 18 Մարտ 2018ին, «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Լ. Շանթ» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչ Կարօ Մանճիկեանի:
Ներկայացուցչական ժողովը հանգամանօրէն քննեց շրջանաւարտ Շրջանային վարչութեան ծաւալած բազմաբնոյթ աշխատանքը, կատարեց համապատասխան եզրայանգումներ, ներկայացուց առաջարկներ եւ ուղենշումներ յառաջիկայ երկամեայ գործունէութեան համար:
Ներկայացուցչական ժողովը բարձրօրէն գնահատեց տագնապալի տարիներուն եւ դժուար պայմաններուն Համազգայինի ծաւալած գործունէութիւնը եւ հակառակ բազմապիսի խոչընդոտներուն իրականացած կազմակերպ աշխատանքը:
Ներկայացուցչական Ժողովը արգասիքն է գործունէութեան իննսունամեակը դիմաւորող Համազգայինին, որ կը մնայ պատնէշի վրայ եւ հիմնադիրներու տեսլականով, հաստատ քայլերով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ ծաղկեցնելով հայ մշակոյթի անդաստանը:
Համազգայինի Շրջանային ԻԱ. Ներկայացուցչական ժողովը իր օրակարգի աւարտին ընտրեց յառաջիկայ երկամեակին համար Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութիւնը՝ բաղկացած եօթը անդամներէ. Կարօ Ալեքսանեան, Արփի Սանոսեան, Շաքէ Սելեան, Սարգիս Պալապանեան,
Պերճ Պօղիկեան, Սալբի Թիւֆէնքճեան եւ Զաւէն Պարսումեան։