Ն. Ս.
Երէկ իրիկուն (Երկուշաբթի, 19 Մարտին) Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանին կազմակերպութեամբ, վարժարանի դահլիճին մէջ բանախօսութիւն մը սարքեց թերթիս («Մարամարա»ի) պատուակալ աշխատակից, յայտնի լրագրող ու հրապարակագիր Կարպիս Քէշիշօղլու, որ վերջին քսան տարիներուն ընթացքին «Աշխարհի Չորս Ծագերուն Մէջ Հայեր»ու մասին յօդուածներ կը հրատարակէ «Մարմարա»ի էջերուն մէջ։ Ձեռնարկի առիթը Կարպիս Քէշիշօղլուի նորատիպ հատորի ծանօթացումն էր։ Ինչպէս ծանօթ է, այս գիրքը քանի մը ամիս առաջ լոյս տեսաւ «Մարմարա»ի խմբագրակազմի պատրաստութեամբ ու ամփոփեց Կարպիս Քէշիշօղլուի ուշագրաւ յօդուածաշարքերը սա կամ նա անկիւնի մէջ հայկական հետքերու մասին։ Այս մէկը մեր յայտնի լրագրողին գլխաւոր նպատակը եղած է միշտ՝ ամէնուրեք փնտռել հայկական հետքեր ու երեւան հանել զանոնք։
Երէկուան հաւաքոյթը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան ու հայ կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Լեւոն արք. Զէքիեան։ Ներկայ էին կաթողիկէ միաբաններ, Սեւ Ծովեան Տնտեսական համագործակցութեան մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան ու կողակիցը, Մխիթարեան վարժարանի երեք բաժիններու տնօրէնուհիները, ուսուցիչներ եւ մշակութասէրներու կոկիկ բազմութիւն մը։
Հաւաքոյթի բացման խօսքը արտասանեց լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, բեմը թողուց խումբ մը աշակերտներու։
Յետոյ բեմը յանձնուեցաւ օրուան բանախօսին, որ իր կեանքին ընթացքին պարբերաբար առիթն ունեցած է պաշտօնի բերմամբ, կամ նաեւ հետաքրքրութենէ մղուած այցելելու զանազան երկիրներ եւ հայկական հետքեր փնտռելու այդ անծանօթ ափերուն վրայ։
Թրքերէնով բանախօսութեան առանցքը կազմեցին գլխաւորաբար Հեռաւոր Արեւելքի երկիրները, ուր հայերու ներկայութիւնն ու հայկական հետքերը կը շարունակեն կարեւոր վկայութիւններ փոխանցել այն մեծ աւանդի մասին, զոր հայ ժողովուրդը բերած է համաշխարհային քաղաքակրթութեան՝ զանազան մարզերէ ներս։ Այսպէս՝ քարտէսներու օգնութեամբ ծանօթացուեցան Հնդկաստանի զանազան քաղաքներու, Սինկափուրի, Չինաստանի, Ինտոնեզիոյ, Հոնկ-Քոնկի, Միանմարի, Պինանկի մէջ հայերու տարած առեւտրական կամ գործարարական մեծ աշխատանքը։ Ինչպէս իրաւամբ դիտել տուաւ բանախօսը, Հեռաւոր Արեւելքի մէջ իրենց «խօսքը ըսած» հայերը առաջին հիմերը դրած էին նաեւ համաշխարհայնացումին ու կը հանդիսանային «կլոպալիզմ»ի նախահայրերը՝ իրենց տարած անգնահատելի գործունէութեամբ։
Իսկ ներկայիս ի՜նչ մնացած է այդ հարստութենէն ու հայկական հետքերէն։
Այս բացատրութիւններէն ետք հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Լեւոն արք. Զէքիեանի հուսկ բանքով։ Ան շեշտեց որ տարբեր կարծիքներ կարելի է յայտնել կամ պաշտպանել, բայց կարեւոր է որ պատմական արժեւորում ու իրաւական արժեւորում կատարենք այն մեծ ժառանգութեան համար, զոր ունեցած է հայ ժողովուրդը։
Վերջաւորութեան, վարժարանի ճաշարանին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն ու կարծիքի փոխանակումները շարունակուեցան նաեւ քոքթէյլի սեղաններու շուրջ։
«ՄԱՐԱՄԱՐԱ»