ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Երկուշաբթի, 19 Մարտին, ընդունած է Չինաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թիան Էրլունը եւ Powerchina International Group Limited ընկերութեան փոխնախագահ Դինգ Ժենկօը: Այս ընկերութեան կազմին մէջ ընդգրկուած է հիւսիս-հարաւ ամայրուղիի կառուցապատման ծրագրի մէջ ներգրաւուած «Սինոհիդրօ» ընկերութիւնը:
Հանդիպմանը քննարկուած են հիւսիս-հարաւ ճանապարհի՝ Թալին-Լանջիկ հատուածի շինարարական աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր, զորս կ՛իրականացնէ «Սինոհիդրօ» ընկերութիւնը:
Դինգ Ժենկուօ վստահեցուցած է, որ «Սինոհիդրօ»ն յաջողութեամբ պիտի իրականացնէ հիւսիս-հարաւ ճանապարհի իր հատուածի կառուցման աշխատանքները: