ԵՐԵՒԱն.- 16 Մարտին, սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով հայութեան կրած նիւթական վնասները. «լքեալ գոյք» եւ հայրենազրկում» նիւթով գիտաժողովը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ողջունելէ ետք ներկաները՝ նախարարը ըսաւ. «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման վերաբերեալ հազարաւոր քննարկումներ եղած են, բայց շատ քիչ անդրադարձ կատարուած է հայ ժողովուրդի կրած նիւթական վնասներուն եւ կորսնցուցած գոյքին վերաբերեալ: Կատարելով Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի համահայկական հռչակագիրի պահանջները՝ գումարած ենք այս կլոր սեղան-քննարկումը, որ կը վերաբերի Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման հարցերուն: Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայկական ունեցուածքի կորուստները ամրագրուած են 1919-1920 թուականներուն Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովին ներկայացուած փաստաթուղթին մէջ: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր գիտնականներուն, փորձագէտներուն, հետազօտողներուն եւ յորդորել, որ շարունակեն իրենց ուսումնասիրութիւնները, որպէսզի անոնց շնորհիւ ամբողջական շտեմարան ստեղծուի»:
«Հատուցման հիմնախնդիրի պատմաիրաւական ձեւակերպման կարեւորութիւնը» թեմայով զեկուցում ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ պետական կառոյցը՝ սփիւռքի նախարարութիւնը, նախաձեռնած է նիւթին քննարկումը: Ըստ պատմաբանի՝ պետական մակարդակով հարցի հետազօտութիւնը կ՛օժանդակէ հայու «բարդոյթաւորուած» տեսակը փոխելու ձգտումին:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան անդրադարձաւ «Ցեղասպանութեան հատուցման խնդիրները՝ համահայկական օրակարգի նիւթ» նիւթին: Ան անդրադարձաւ Սեւրի պայմանագիրին եւ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին մասին եւ նշեց, որ Հայկական Հարցը ենթակայ է լուծման միջազգային իրաւունքի շրջագիծին մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանի խորհրդական Վլատիմիր Վարդանեան ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթական վնասներու հատուցման իրաւական հեռանկարները:
Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ պատմութեան հիմնարկի Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան բաժինի վարիչ Արմէն Մարուքեան զեկուցում ներկայացուց «Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթական հետեւանքներու յաղթահարման կառուցակարգերու եւ գործիքակազմի յստակեցման հարցի շուրջ» նիւթով:
Իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածու, Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնի համահիմնադիր Տարօն Սիմոնեան անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան համար Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը պատասխանատուութեան ենթարկելու հաւանական կառուցակարգերուն եւ նշեց նպատակին հասնելու յստակ ուղիները:
Հայաստանի ազգային արխիւի գիտահետազօտական աշխատանքներու բաժինի գլխաւոր արխիւագէտ Անահիտ Քոչարեան ներկայացուց «Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին հայ ժողովուրդի կրած նիւթական կորուստները որոշող քննիչ բիւրոյի գործունէութիւնը» նիւթը: Ան պատմական անդրադարձ կատարեց կառոյցի աշխատանքի տարբեր ժամանակաշրջաններուն վերաբերեալ:
Թրքագէտ, Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի աւագ գիտաշխատող Մելինէ Անումեան ներկայացուց «Լքեալ գոյքի հարցի արծարծումը՝ ըստ երիտասարդ թուրքերու դատավարութիւններու փաստաթուղթերուն, 1919-1921 թուականներ)» նիւթը. ան անդրադարձաւ այդ փաստաթուղթերու հիման վրայ կատարուած հետազօտութիւններու արդիւնքներուն մասին:
«Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով հայութեան կրած նիւթական վնասները. «լքեալ գոյք» եւ հայրենազրկում» խորագիրով գիտաժողովի երկրորդ նիստը սկսաւ Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնի համահիմնադիր Լեւոն Գէորգեանի «Հայոց Ցեղասպանութեան համար Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատասխանատուութեան հիմնախնդիրներ. իրաւայաջորդութիւն եւ վերագրելիութիւն» նիւթով զեկուցումով:
Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի վարիչ Էդիկ Մինասեան խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մշակութային ժառանգութեան կորուստի հիմնահարցին մասին եւ նշեց, որ մշակութային ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի մինչեւ այսօր, մասնաւորապէս Ատրպէյճանի տարածքին մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Արեւելագիտութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող Անոյշ Յովհաննիսեան, հանդէս գալով «Հայոց «լքեալ գոյք»ի թեման ներթրքական տրամախօսութեան մէջ» զեկուցումով. ան մանրամասնօրէն ներկայացուց վերջին տարիներուն Թուրքիոյ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան, հայրենազրկման, լքեալ գոյքի նիւթով զարգացումները, գիտական շրջանակներու մէջ տարուող հակահայկական հետազօտութիւնները, նաեւ այն թուրք պատմաբաններու աշխատութիւնները, որոնց մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը չի կեղծուիր:
Այնուհետեւ զեկուցումներով հանդէս եկան Մատենադարանի Արխիւային բաժինի աւագ գիտաշխատող Անահիտ Աստոյեան («Հայերու ունեզրկումը Մեծ Եղեռնի տարիներուն»), Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարանի գիտաշխատող Անի Ոսկանեան («Հայերու հողազրկման քաղաքականութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ (19րդ դարու վերջաւորութեան-20րդ դարու սկիզբը), ՌՊՀՀի Ողջակիզման եւ Ցեղասպանութեան պատմութեան միջազգային գիտակրթական կեդրոնի վերլուծաբան Արմինէ Անտոնեան («Անտոն Փափազեանի գոյքի բռնագրաւման մասին տեղեկութիւնները Ռուսիոյ պետական պատմական արխիւի փաստաթուղթերուն մէջ»):
Գիտաժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում եւ կատարուեցան առաջարկներ:
Ամփոփելով գիտաժողովը՝ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նկատել տուաւ, որ կազմակերպուած գիտաժողովը բաւական հետաքրքրական էր եւ շնորհակալութիւն յայտնեց զեկուցողներուն՝ իրենց առարկայական եւ կառուցողական ելոյթներուն համար:
–Լուսանկարը՝ ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի