ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, թէ Հինգշաբթի, Մարտ 8ին, Սերպիոյ խորհրդարանը մերժեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին ընդդիմութեան ներկայացուցած բանաձեւը քննարելու առաջարկը:
Վերջին տասնամեակին նման առաջարկներ քանի մը անգամ ներկայացուած են սերպ խորհրդարանին, սակայն ցարդ մերժուած են. այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» կայանի պալքանեան ծառայութիւնը:
Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ մէկուկէս միլիոն հայերու Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը այս անգամ ներկայացուած էր Սերպիոյ նախկին վարչապետ Զորան Զիւքովիչի կողմէ, որ ներկայիս կը գլխաւորէ «Նոր Կուսակցութիւն» քաղաքական ուժը:
Մօտաւորապէս 7 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Սերպիան, որ անցեալ դարասկիզբին նոյնպէս կը գտնուէր Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս, սակաւաթիւ հայ համայնք ունեցող երկիրներէն է. տարբեր գնահատականներով՝ հոն կը բնակի մօտաւորապէս 300 հայ: Հակառակ այս հանգամանքին, Սերպիոյ նախագահը մէկն էր աշխարհի այն առաջնորդներէն, որոնք 2015ի Ապրիլ 24ին, Երեւանի մէջ մասնակցեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն:
«Չէինք կրնար յանդգնիլ այստեղ չըլլալ. մեզի համար չգալու տարբերակը չկար», Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յայտարարած էր այդ օրերու Սերպիոյ նախագահ Տոմիսլաւ Նիքոլիչ: «Ինչպէ՞ս կրնանք մենք այսօր այստեղ չըլլալ եւ ինչպէ՞ս կրնանք դաւաճանել միլիոնաւոր զոհերու յիշատակը. ինչպէ՞ս չճանչնանք ճշմարտութիւնը, ինչպէ՞ս չսորվինք ճշմարտութեան այն դասերը, զորս մարդկութիւնը դասաւանդած եւ աւանդած է շատոնց», ըսած էր ան:
Սակայն, Սերպիոյ խորհրդարանը կը շարունակէ խուսափիլ 1915ի իրադարձութիւնները պաշտօնապէս իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալու քայլէն: