ՎԵՆ ՆԱՅՍ.- Սուրբ Պետրոս Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ «Գարակէօզեան» սրահին մէջ, Հինգշաբթի, Փետրուար 8ի երեկոյեան, ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի մեծ ընտանիքը հաւաքուած էր ընթրիքի սեղաններու շուրջ, մասնակիցը դառնալու գեղարուեստական որակեալ յայտագիրի մը՝ նուիրուած Սրբոց Վարդանանց հերոսամարտին եւ Արցախեան շարժումի 30ամեակին:
Նշենք, որ 42 տարի առաջ վարժարանը ծնունդ առած էր Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ յարկին տակ:
Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեանի աղօթքով եւ բարի գալստեան խօսքով սկիզբ առաւ յայտագիրը: Հանդիսավարն էր վարժարանի Հայերէնի բաժանմունքի վարիչ Հրաչ Սեփեթճեան: Նախակրթարանը ներկայացուց բանաստեղծութիւններ, խօսքեր, ճառեր եւ խմբային երգեր, ինչպէս նաեւ հայկական խմբային պար մը:
Նուազ գնահատելի չէր նաեւ միջնակարգի աշակերտներուն ելոյթները՝ խմբային արտասանութիւններ, մեներգ, զուգանուագ եւ խմբային երգ:
Այդ երեկոյ հնչեցին Սեւակի, Էմինի, Շիրազի խօսքերը, հայկական մեղեդիներ, Արցախեան ու Վարդանանց հերոսներուն նուիրուած հայրենասիրական երգեր՝ մեր աշակերտներուն շրթներէն: Հաճելի էր տեսնել 12րդ դասարանի աղջիկներն ու տղաքը, որոնք կամաւորաբար կատարեցին ճաշերու մատակարարումը: Ազգային կերակրատեսակներով ընթրիքը տրամադրած էր «Էսսօ» հաստատութիւնը:
Շնորհակալութիւն «Հայ Ոգի» յանձնախումբի ատենապետուհի Ասլին Դորեանին եւ մնացեալ տիկիններուն, որոնք մեծապէս օժանդակեցին այս միջոցառման յաջողութեան: Կը շնորհաւորենք բոլոր աշակերտները, իրենց մասնակցութեան եւ յաջող ելոյթներուն համար, նաեւ՝ ծնողներն ու հարազատները, որոնք կը հաւատան հայ դպրոցի առաքելութեան, եւ մեր ջերմ շնորհակալութիւնը կը յայտնենք դպրոցի տնօրէնութեան, գրասենեակի պաշտօնէութեան ու հայերէնի, երաժշտութեան եւ պարի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, որոնք՝ «քարէն հաց կը հանեն», անկարելին կարելի կ՛ընեն՝ բարձր պահելով հայկական ոգին վարժարանէն ներս:
(Թղթակցութիւնը՝
Վարժարանէն)