ՔԱՆՈԿԱ ՓԱՐՔ.- Երեքշաբթի, Փետրուար 13ին, ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի դպրոցի արհեստական խոտածածկին վրայ տեղի ունեցաւ երգ, պար ու խաղեր. կը տիրէր բարձր տրամադրութիւն։
Բարեկենդանի եւ Տեառնընդառաջի նուիրուած սոյն ձեռնարկը կազմակերպուած էր «Հայ Ոգի» տիկնանց յանձնախումբին կողմէ՝ գործակցութեամբ վարժարանի Հայերէնի բաժանմունքին:
Նախակրթարանի դասարաններէն իւրաքանչիւրը մրցեցաւ իր դասարանի միւս խումբին հետ: Ամէն դասարան պարան քաշեց, ինչպէս նաեւ պարեց ազգային տարազով, մարզական անցարգելները անցընելով, ապա «կրակ»ին վրայէն ցատկելով՝ վերադարձաւ իր խումբը: Սկիզբը նաեւ կատարուեցան Բարեկենդանը խորհրդանշող կանչեր՝ առաջնորդութեամբ ուսուցչուհի Մարալ Ոսկեանի:
Արդարեւ, հայերէնի ուսուցիչները փորձեցին եւ յաջողեցան Բարեկենդանի բարձր տրամադրութիւնները միացնել Տեառնընդառաջի սովորութիւններուն: Շաբթուան ընթացքին դիմակներ պատրաստուեցան եւ աւանդական դարձած «հատիկ»ը հրամցուեցաւ աշակերտութեան:
Ծաղկոցէն ներս նոյնպէս Փետրուար 13ին նշուեցաւ Բարեկենդանը, երբ փոքրիկները երգեցին ու պարեցին նախապէս իրենց պատրաստած դիմակներով:
(Թղթակցութիւնը՝ Վարժարանէն)