
ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- «Արարատ տան» «Ճորճ Տէօքմէճեան» սրահին մէջ, Մարտ 16-17ին տեղի պիտի ունենայ «400ամեայ հայ ամերիկեան ժառանգութեան տօնակատարութիւն. 1618-2018» խորագիրը կրող գիտաժողովը՝ կազմակերպութեամբ «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանին, Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց ազգային ընկերակցութեան, հայկական պատմական լուսանկարներու նուիրուած «Փրաճեքթ Սէյվ» ծրագիրին, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի Հայագիտական բաժինին եւ Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին:
Գիտաժողովը նուիրուած է ներկայ Միացեալ Նահանգները ժամանած առաջին հայուն՝ Հայ Մարթինին (Martin the Armenian), որ 1618ին Վըրճինիա նահանգ հասած էր։ Ընթացքին պիտի ներկայացուին ամերիկահայ համայնքի պատմութեան եւ մշակութային ժառանգութեան նշանակալի կողմերը: Գիտաժողովը պիտի սկսի Մարտ 16ին, երեկոյեան ժամը 6ին ու պիտի շարունակուի Մարտ 17ին, առաւօտեան ժամը 9։30էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5։ Հանդիսավարն է Մարք Մամիկոնեան, իսկ ընթացքին ուսումնասիրութիւններ կամ գեղարուեստական կատարումներ պիտի ներկայացնեն հետեւեալները՝ Ճոզէֆ Ռայլընտ, դոկտ. Մերի Փափազեան, դոկտ. Հայկ Դեմոյեան, Փիթըր Մուսուրլեան, Լուտվիկ Մանուկեան, Վաչէ Մանկրեան, Կարինէ Աւագեան, Տէյվիտ Կութմըն, Պեն Ալեքսանտր, Հերի Չերքին, Կրեկըրի Աֆթանտիլեան, Վարդան Մաթէոսեան, դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, Հեղնար Զէյթլեան-Ուոթընփաու, Զարեհ Արեւշատեան, Մարք Արաքս, Տենիըլ Ֆիթանթէ, Արմէն Յովհաննէսեան եւ Սեդա Անթէքէլեան։
Գիտաժողովին զուգահեռ տեղի պիտի ունենայ նաեւ յատուկ ցուցահանդէս մը, ինչպէս նաեւ՝ Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Հայկ Դեմոյեանի «Հայկական Հետքն Ամերիկայում. 400ամեայ Ժառանգութիւն» նոր հատորին ներկայացումը։
Թանգարանի հասցէն է՝ 15105 Mission Hills Road, Mission Hills, CA 91345։
Գիտաժողովի ամբողջական յայտագիրին համար, այցելել http://ararat-eskijian-museum.com/1617-2 կայքէջը։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (747) 500-7585 թիւին։