24 Փետրուարին Միջին Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Կարօ Քէպապճեան մասնակցեցաւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած լուսանկարիչ Զոհրապ Մարգարեանի՝ արցախեան տարեգրութիւնը ներկայացնող լուսանկարներու ցուցադրութեան պաշտօնական բացման արարողութեան, որ նուիրուած էր ղարաբաղեան շարժման 30ամեակին:
Իր ելոյթին մէջ Կարօ Քէպապճեան կարեւոր նկատեց Արցախ-Հայաստան-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդումը աշխարհասփիւռ հայութեան ներուժի համախմբման միջոցով՝ ի նպաստ հայապահպանման եւ հայկական երկու հանրապետութիւններու հզօրացման ու բարգաւաճման:
Այնուհետեւ Արցախի մշտական ներկայացուցիչը Զոհրապ Մարգարեանին փոխանցեց Արցախի արտաքին գործոց նախարարի շնորհակալական նամակը եւ ղարաբաղեան շարժման յոբելեանին նուիրուած յուշամետալը՝ կարեւ համարելով անուանի լուսանկարչին ներդրումը արտերկրի մէջ Արցախը ճանաչելի դարձնելու գործին մէջ:
Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Մեծն Բրիտանիոյ մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան եւ նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեան եւ Լիբանանի հայ համայնքի ու հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ:
Ցուցահանդէսը կազմակերպուած էր Միջին Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան համագործակցութեամբ: