Կիրակի, 25 Փետրուարին, Պրիւքսէլի Ս. Մարիամ Մագդաղենացի հայկական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ 1988ի Սումգայիթեան ջարդերի զոհերու յիշատակին նուիրուած հոգեհանգստեան կարգ։
Պատարագին ներկայ էին աշխատանքային այցելութեամբ Պելճիքա գտնուող Արցախի հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Արմին՝ Ալեքսանեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի ղեկավար Արտակ Բէգլարեան, Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ ՆԱԹՕի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան դիւանագէտներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։
Պատարագէն ետք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքար-յուշարձանին մօտ, Պելճիքայի հայկական կազմակերպութիւններուն կողմէ կազմակերպուեցաւ Սումգայիթի ջարդերու զոհերուն յիշատակին նուիրուած հանրահաւաք եւ ծաղկեպասկներու զետեղման արարողութիւն: