ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի, 1 Մարտին, լրացաւ 1 Մարտ 2008ի ողբերգական իրադարձութիւններու տասնամեայ տարելիցը: Այս առթիւ, Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ ՀԱԿի հանրահաւաքը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ երթ, որ աւարտեցաւ դէքպերու թատերավայր հանդիսացած Միասնիկեան հրապարակ: Երթի մասնակիցները կը կրէին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր «Պատժել Մարտի 1ի ոճրագործներին»:
Երթի ամբողջ երկայնքով քաղաքացիներուն կ՛ուղեկցէին ոստիկանութեան ծառայողներ, որոնց ձեռքերուն ծաղիկներ կային:
Յիշեցնենք, որ 2008ի Մարտ 1ի լոյս 2ի գիշերը, Երեւանի կեդրոնը գնդակահարուեցան ու հրազէնային բեկորային վնասուածքներէ զոհուեցան տասը քաղաքացիներ՝ Տիգրան Խաչատրեան, Զաքար Յովհաննիսեան, Գոռ Քլոյեան, Դաւիթ Պետրոսեան, Արմէն Ֆարմանեան, Սամուէլ Յարութիւնեան, Տիգրան Աբգարեան (զինծառայող), Գրիգոր Գէորգեան, Համլէտ Թադեւոսեան (ոստիկանութեան ծառայող):