ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կառավարութիւնը 2018ին պիտի շարունակէ սահմանամերձ գիւղերուն ցուցաբերել պետական աջակցութիւն՝ բնակիչներուն բնական կազի, ելեկտրականութեան եւ ոռոգման ջուրի սակագինի մասնակի ու գոյքահարկի եւ հողի հարկի փոխհատուցում տրամադրելու ճամբով:
«2018 թուականի ՀՀ պետական բիւջէով որպէս աջակցութիւն սահմանամերձ համայնքներին, ընդհանուր առմամբ կը յատկացուի 928 միլիոն 871 հազար դրամ: Ծրագրից կ՛օգտուի շուրջ 50 հազար մարդ», կառավարութեան նիստին ընթացքին ըսաւ տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան:
Վերոնշեալ գումարը պիտի տրամադրուի Արարատի, Գեղարքունիքի, Վայոց Ձորի մարզերու երկուքական եւ Տաւուշի մարզի 19 սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն: