Կազի եւ ելեկտրականութեան փոխանակման հարցով շատ լաւ բանակցութիւններ տեղի ունեցած են, եւ Իրան պատրաստ է Հայաստան արտահանուող կազի ծաւալները աւելցնելու:
Այս մասին Երեքշաբթի օր, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հայ-իրանեան միջկառավարական յանձնաժողովի 15րդ նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ուժանիւթի նախարար Ռեզա Արտաքանիան՝ պատասխանելով «իրանեան կողմը միշտ ըսած է, որ պատրաստ է յարմար գիներով կազ մատակարարելու Հայաստանին, արդեօք կրնա՞ն ըսել, թէ որն է այդ յարմար գինը» հարցումին:
«Ես կը կարծեմ, որ մօտիկ ապագային բանակցութիւններ տեղի պիտի ունենան իրանեան եւ հայկական կողմերուն միջեւ: Իրանի կողմէ այդ բանակցութիւններուն պիտի մասնակցի քարիւղի նախարարութիւնը, հայկական կողմէ՝ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութիւնը: Կը կարծեմ, որ մօտիկ ապագային այդ բանակցութիւններու արդիւնքը եւ լուրը հասանելի պիտի դառնայ ժողովուրդին», յայտարարեց Իրանի ուժանիւթի նախարարը:
Յիշեցնենք, որ քանի մը օր առաջ, Հայաստանի ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարի տեղակալ Հայկ Յարութիւնեան յայտարարեց, որ Ռուսիայէն բացի Հայաստան այս պահուն չունի կազի գինի աւելի մրցունակ առաջարկ:
Հայկ Յարութիւնեան նաեւ յայտնեց, որ 2017ին, Հայաստան Իրանէն ներածած է 382 միլիոն 700 հազար խմ. կազ, ինչ որ 2016ի հետ համեմատած՝ աճած է 2.7 տոկոսով, իսկ Ռուսիայէն ներածուած է 1 միլիառ 996 միլիոն խմ. կազ՝ աճը 2016ի հետ համեմատած կազմելով 7 տոկոս:
Հայկ Յարութիւնեան բացատրեց, որ Հայաստան Իրանի հետ կը շարունակէ աշխատիլ՝ աւելցնելով. «Կը նախատեսենք կազ-ելեկտրականութիւն գործարքի ծիրին մէջ ծաւալներու աւելացում, եւ ոչ մէկ սահմանափակում կայ. ընթացիկ բանակցութիւններ միշտ տեղի կ՛ունենանկը: Ծաւալները աւելցնելու որեւէ խոչընդոտ չեմ տեսներ. այս տարի աւելացումը բաւական տեսանելի պիտի ըլլայ»։