Եգիպտոսի խորհրդարանի Պաշտպանութեան եւ ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի նախագահի տեղակալ զօր. Եահիա Քիտուանի եւ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քարտուղար Թարեք Խուլի անցեալ շաբաթ դարձեալ արծարծեցին 1915ի հայոց կոտորածները իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալու հարցը:
Երկու երեսփոխանները վկայակոչեցին Հոլլանտայի խորհրդարանի օրինակը եւ Եգիպտոսի խորհրդարանէն պահանջեցին նմանօրինակ որոշում տալ:
Ըստ Քիտուանիի՝ անհրաժեշտ է նման քայլ առնել հակադարձելու համար Թուրքիոյ շարունակուող ոտնձգութիւններուն, պարզելով, որ Թուրքիոյ շարունակուող սպառնալիքներուն եւ Քաթարի հետ գործակցաբար ահաբեկչութեան աջակցութեան պատասխանելու բոլոր կարելիութիւնները առկայ են:
Քիտուանի աւելցուց, որ հայոց կոտորածները պատմական իրողութիւն են, եւ բոլորն ալ պարտաւոր են կեցուածք ճշդել անոր նկատմամբ:
Իր կարգին, Թարեք Խուլի «Վեթօ» շաբաթաթերթին յայտնեց, թէ Եգիպտոս մաս կազմած է այդ իրադարձութիւններուն եւ պատմութեան ականատես է՝ տրուած ըլլալով, որ հայեր Եգիպտոս ապաստանած էին: «Ջարդերէն ճողոպրածներու թոռները կ՛ապրին մեզի հետ, հետեւաբար Օսմանեան պետութիւնը վերակենդանացնելու ծրագիրները պէտք է բացայայտել եւ փշրել Թուրքիոյ հետապնդած ծաւալապաշտական երազները», ըսաւ ան:
Ան դիտել տուաւ, որ այդ կոտորածը դատապարտելու համար խորհրդարանի երկրորդ գումարումէն մնացած երեսփոխաններէն հաւաքուած ստորագրութիւնները կան, սակայն հոլովոյթը խորհրդարանին մէջ տակաւին չէ ամբողջացած՝ ընդգծելով յատկապէս հոլանտական խորհրդարանի ճանաչման քայլէն ետք զայն ամբողջացնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի միջազգային լայն կեցուածք ձեւաւորուի այս առնչութեամբ: