– «Միլլիյէթ»ի թղթակից Մելիհ Աշըք հրատարակած է ակնարկ մը, ուր կը գրէ. «Նախկին օգնականս եւ ամուսինը այժմ կը բնակին Սէուտական Արաբիա։ Քանի մը օր առաջ անոնց որդին «մանթը» ուտել ուզած է, եւ այդ պատճառով ալ գացած են հայկական ճաշարան մը։ Թրքական ի՛նչ կերակուր որ կայ, բոլորը սեղանին վրայ դրուած են իբրեւ հայկական կերակուրներ։ Թրքական կերակուր ըսի, բայց անշուշտ չե՛նք կրնար վստահ ըլլալ. անոնք կրնան եկած ըլլալ թուրքերու, յոյներու, հայերու կամ քիւրտերու խոհանոցէն եւս։ Բոլորն ալ ի վերջոյ Անատոլուի կերակուրներ են։ Բոլորն ալ սեղանին վրայ դրուեցան իբրեւ հայկական կերակուրներ։ Բնա՛ւ չզարմացանք այս երեւոյթին դիմաց։ Բայց երբ թրքական սուրճը սեղանին դրուեցաւ իբրեւ հայկական սուրճ, այն ատեն՝ «կը փաւէ՛» ըսինք»։
– Տարեկան նուազ քան 25,000 տոլար եկամուտ ունեցող սեւամորթ ամերիկացիներէն մօտաւորապէս 40 տոկոսը կը յայտնէ, թէ ցեղային անարգանքի թիրախ դարձած է։ Այդ համեմատութիւնը 65 տոկոսի կը բարձրանայ՝ աւելի քան 75,000 տոլար եկամուտ ունեցող սեւամորթներուն պարագային։