ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հիւսիսային Սուրիոյ Աֆրին քաղաքին դէմ թրքական յարձակումի ծիրէն ներս թրքական ուժերուն կրած մարդկային վնասներու լոյսին տակ, Անգարայի իշխանութիւնները հետաքննութիւն բացած են՝ պարզելու համար, թէ ո՞ր երկիրները զէնք կը տրամադրեն քրտական ուժերուն։
«Հապերլեր» լրատու կայքը կը գրէ, որ Սուրիոյ քրտական ուժերը զէնք ստացած են ու դեռ կը ստանան 19 երկիրներէ, որոնց մէջ կան «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ՝ Ամերիկայի գլխաւորութեամբ ստեղծուած դաշինքի անդամներ։
Կը պնդուի, որ քիւրտերուն տրամադրուած զէնքերուն մէջ կան նաեւ ռուսական արտադրութեամբ հակահրասայլային հրթիռներ։