ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- «Ապառաժ»ը կը հաղորդէ, որ Հինգշաբթի, 8 Փետրուարին տեղի ունեցաւ Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան հանդիպումը Ստեփանակերտի Խ. Աբովեանի անունը կրող թիւ 1 դպրոցի ուսուցիչներուն հետ: Հանդիպումին ներկայ էին Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան, պատգամաւորներ Դաւիթ Իշխանեան եւ Ռիթա Մնացականեան:
Հանդիպումին ընթացքին պատգամաւորները ներկայացուցին Արցախի ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան վերջին զարգացումները եւ յատկապէս «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան գործունէութիւնը:
«Այսպիսի հանդիպումներու նպատակներէն մէկն է լսել քաղաքացիներու մօտեցումները, մտորումներն ու կարծիքները, զորս մենք անպայման հաշուի կ՛առնենք մեր գործունէութեան ընթացքին», յայտնեց պատգամաւոր Վահրամ Բալայեան:
Շնորհաւորելով ներկաները Արցախեան շարժման 30ամեակին առիթով, պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան անդրադարձաւ Սահմանադրական փոփոխութիւններէն ետք քննարկուող շարք մը օրինագիծերու՝ որոնց կարգին Տեղական ինքնակառավարման մարմինի օրէնքին եւ Ընտրական օրէնսգիրքին:
Իր կարգին, պատգամաւոր Ռիթա Մնացականեան խօսեցաւ Արցախի կրթական համակարգին եւ ընկերային ոլորտին մէջ իրականացուող կարգ մը ծրագիրներու մասին:
Հանդիպումին ներկայ ուսուցիչները բարձրացուցին կրթական համակարգին եւ Ստեփանակերտ քաղաքին առնչուող շարք մը հարցեր:
Արտայայտուեցաւ Ստեփանակերտ քաղաքին մէջ իրականացուող բարեկարգումի աշխատանքներու կազմակերպման վերաբերող մտահոգութիւնը: «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորները, կիսելով մտահոգութիւնը՝ յայտնեցին, որ այդ հարցին առնչութեամբ միտքեր փոխանակած են Ստեփանակերտի քաղաքապետին հետ հանդիպումին ընթացքին: Պատգամաւորներուն կողմէն կարեւոր համարուեցաւ համայնքին մէջ իրականացուող շինարարական աշխատանքներու առաջնահերթութիւնները ճշդելու անհրաժեշտութիւնը:
Աւելցնենք, որ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ Ստեփանակերտ քաղաքի բոլոր ուսուցչական կազմերուն հետ: