Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան եւ սփիւռքի նախարարութիւնները ու Երեւանի քաղաքապետարանը կազմակերպեծան են «Սարդարապատից Արցախ» խորագիրով համահայկական շարադրութեան եւ նկարչութեան մրցումներ. ստորեւ՝ մրցումներուն վերաբերող յայտարարութիւնը.
Յարգելի հայրենակիցներ,
Կը տեղեկացնենք, որ Հայաստանի կառավարութեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100ամեակին նուիրուած 2018ի ձեռնարկներու ծրագրի ծիրին մէջ, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան եւ սփիւռքի նախարարութիւնները ու Երեւանի քաղաքապետարանը կը կազմակերպեն «Սարդարապատից Արցախ» խորագիրով համահայկական շարադրութեան եւ նկարչութեան մրցումներ՝ հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններու եւ Սփիւռքի հայկական կրթօճախներու աշակերտներուն համար: Շարադրութիւններու եւ մրցումներու ընդունման վերջնաժամկէտն է 28 Փետրուարը:
Արդիւնքները պիտի ամփոփուին Մարտի 3րդ տասնօրեակին: Շարադրութիւններէն պիտի ընտրուին լաւագոյն 20ը՝ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն: Մրցանակային լաւագոյն շարադրութիւնները եւ նկարները պիտի ընդգրկուին նախատեսուող ժողովածուին մէջ: Յաղթողներուն հետ լուսանկարներու շարք մը պիտի կատարուի Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ եւ լուսանկարները նոյնպէս պիտի ընդգրկուին ժողովածուին մէջ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը մետալներ պիտի յանձնէ յաղթողներուն (հնարաւանաբար մեծ համերգի մը ընթացքին):
Շարադրութիւնները պէտք է ներկայացնել Microsoft word-ով, 12 sylfaen տառաչափով, 2 սմ. լուսանցքներով, տողերուն միջեւ 1.5 հեռաւորութեամբ, A4 ձեւաչափով, իսկ ծաւալը պէտք չէ գերազանցէ 2.5 էջը:
Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար, կրնաք դիմել Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժին:
Հասցէ՝ ք. Երեւան 0010, Վ. Սարգսեան 3, հեռ.՝ (+37410) 58-56-01 (700), (+37460)-500-830 հեռաձայնի թիւերուն:
Աշխատանքները ուղարկել gitakrtakan.diaspora@gmail.com հասցէին: