
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ազատութիւն».- Ինչպէս հաղորդած էինք, ամերիկեան զինուորական ուժերը հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Փետրուար 7ի գիշերը իրականացուած գործողութեան մը ընթացքին, Սուրիոյ կառավարութեան համակիր աւելի քան 100 զինեալներ սպաննած էին, երբ վերջիններս, ըստ ամերիկեան պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ «լայնածաւալ յարձակումի մը» սկսած էին Միացեալ Նահանգներու դաշնակից քրտական խմբաւորումներուն դէմ:
Այս մասին տարածուած հաղորդագրութեան մէջ անուղղակիօրէն զգուշացում մը հասցէագրուած է նաեւ Թուրքիոյ, որ արդէն իսկ երեք շաբաթէ ի վեր Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ ռազմական գործողութիւններ կ՛իրականացնէ՝ իբրեւ թիրախ ունենալով ամերիկեան աջակցութիւնը վայելող քրտական այլ խմբաւորումներ:
«Նիւ Եորք Թայմզ»ի թղթակիցը, որ այցելած է այդ շրջանները եւ զրուցած ամերիկացի զինուորականներու հետ, կը պնդէ, թէ չի բացառուիր, որ յառաջիկային Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ տարակարծութիւնները հասնին զինուած առճակատման:
«Մենք շատ հպարտ ենք, որ հո՛ն ենք, եւ կ՛ուզենք, որ այս մէկը գիտնան բոլո՛րը», թերթին յայտնած է հիւսիսային Սուրիոյ Մընպեճ քաղաքին մէջ ծառայող ամերիկացի հրամանատարներէն մէկը:
Թղթակիցը հետաքրքրուած է, թէ ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եթէ Թուրքիոյ համար այդ ուղերձը հասկնալի չըլլայ. Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ուժերու հրամանատար զօր. Փօլ Ֆանք այս հարցումին պատասխանած է՝ ըսելով. «Եթէ անոնք յարձակին մեր վրայ, մենք ցնցիչ հակահարուած պիտի տանք»։
Նշենք, որ Ֆանք Փետրուար 7ին Մընպեճ այցելած էր՝ հակադարձելով ամերիկեան ուժերը այնտեղէն հեռացնելու թրքական կոչերուն։
«Ժամանակին Սուրիոյ հիւսիսային այս շրջանները կը գտնուէին «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչներու հսկողութեան տակ, սակայն, Միացեալ Նահանգները, իրեն դաշնակից ուժերուն եւ քիւրտերուն աջակցութեամբ՝ մէկ տարի առաջ ազատագրեց շրջանը», կը գրէ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի թղթակիցը, աւելցնելով, որ այս գծով Անգարա-Ուաշինկթըն տարակարծութիւնը կրնայ «ՆԱԹՕի երկու դաշնակիցներուն միջեւ աննախադէպ ռազմական բախումի մը պատճառ դառնալ»:
Հակառակ Անգարայի պնդումներուն՝ ամերիկեան կողմը կը շարունակէ շեշտել, որ Սուրիոյ քիւրտերը ոչ միայն ահաբեկիչներ չե՛ն, այլեւ մեծ ներդրում ունեցած են «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարին մէջ:
«Մինչ անոնց (քիւրտերուն) ժամանումը, այս տարածքներուն մէջ ահաբեկիչները իրենց խալիֆայութիւնը հաստատած էին», ըսած է Ֆանք՝ ընդգծելով. «Երբ ոչ ոք կրնար, քիւրտերը կրցան ահաբեկիչներէն ետ գրաւել Ռաքքան, ինչ որ այսօր անոնց իրաւունք կու տայ նստելու բանակցային սեղանի շուրջ»:
Իր կարգին, «Ուաշինկթըն Փոս թ» կը գրէ. «Սուրիոյ քիւրտերը Միացեալ Նահանգներու համարձակ դաշնակիցներն են, որոնց լքելը շատ սխալ պիտի ըլլայ: Միւս կողմէ, պէտք չէ արտօնել, որ այս թէժացած հակամարտութիւնը աւելի խորանայ: Ամերիկեան զինուորականները իրենց գործը ըրին, իսկ հիմա դիւանագիտութեան կարգն է». թերթը կ՛աւելցնէ, որ այս հարցերը քննարկելու համար, շաբաթավերջին Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Հըրպըրթ ՄըքՄեսթըր Թուրքիա պիտի այցելէ:
Նաեւ, «Սի.Էն.Էն.» կը գրէ, թէ Սուրիոյ քիւրտերուն վրայ թրքական յարձակումները կը նպաստեն «Իսլամական պետութեան», որովհետեւ քիւրտերը իրենց ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնեն թրքական ճակատին վրայ, աւելի ազատ աշխատանքի առիթ ընծայելու համար իսլամ ծայրայեղականներուն։