«Հայերն Այսօր».- «Մէկ ժողովուրդ՝ մէկ ընտանիք». այս կարգախօսը կրող տօնական-ուսուցողական ձեռնարկը 4 Փետրուարին տեղի ունեցաւ Ս. Փեթերսպուրկի հայկական համայնքին մէջ:
«Խատուտիկ» ազգային կեդրոնը Ս. Փեթերսպուրկի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ հայկական համայնքի հովանիին տակ գործող «Վերնատուն» մշակութային կեդրոնին մէջ անցուց հայկական աւանդական Նոր Տարին՝ նշելու տօնական-ուսուցողական բարեգործական ձեռնարկը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ համայնքի ղեկավար Կարէն Մկրտչեան, որ հիւրերուն մաղթեց բարի ժամանց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Խատուտիկ» ազգային կեդրոնի խումբին, իւրայատուկ ձեռնարկ մը կազմակերպելնուն համար: Հիւրերը ողջունեց նաեւ Սուրբ Կատարինէ հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տէր Եփրեմ Զարգարեան, եւ ձեռնարկը սկսաւ միասնական «Հայր մեր» աղօթքով:
Ըստ յայտագիրի բեմագրութեան՝ հիւրերը «Ժամանակի մեքենայ»ով տեղափոխուեցան Պատմական Հայաստան, ուր անոնց կը սպասէր հիւրընկալ հայ ժողովուրդը:
«Հայ ժողովուրդ»ը «Խատուտիկ» կեդրոնի մասնագէտներն ու կամաւորներն էին, «Զարթօնք» պարախումբի եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Լազարեաններու անուան հայեցի դաստիարակութեան կեդրոնի «Աւետում» երգչախումբի անդամները, որոնք հիւրերը դիմաւորեցին հայկական աւանդական տարազներով, ներկայացնելով մեր մշակոյթն ու արժէքները:
Սկսաւ պատկերաւոր բեմականացում՝ կազմակերպիչներուն եւ հաւաքուած հիւրերուն մասնակցութեամբ:
Ձեռնարկը բաղկացած էր պատմական ակնարկէ, ստեղծագործական վարպետութեան դասէ, ազգային պարերէ, երգերէ, խաղերէ, աւանդական աղանդեր՝ փոխինձ պատրաստելէ, ազգային տօնական Կենաց ծառ զարդարելէ եւ այլ հետաքրքրական մանրամասնութիւններէ:
Ձեռնարկին ընթացքին հիւր եկաւ Կաղանդ պապը, որ հիւրերը, ըստ աւանդոյթի, շնորհաւորեց, տուաւ իր խորհուրդներն ու նուէրները, ինչպէս նաեւ համախմբելով երեխաները՝ միասին գրեցին նամակ՝ ուղարկելու իրենց բարեմաղթանքները Հայաստան:
«Շատ կարեւոր է արժեւորել սեփական բազմադարեայ պատմութիւնն ու մշակոյթը, աւանդոյթներն ու արժէքները: Այսօր, ապրելով հայերնիքէն հեռու՝ մեկապոլիսի մէջ, մարդիկ կանգնած են ձուլման հարցին առաջ, որ կը յանգեցնէ ինքնութեան, մայրենի լեզուի, աւանդոյթներու, արժէքներու փոփոխման եւ երբեմն ալ՝ մոռացման: Այս ձեռնարկին եւ, ընդհանրապէս, մեր զարգացման կեդրոնի գործունէութեան գլխաւոր նպատակն է մարդոց օգնել՝ պահպանելու ազգային դիմագիծը եւ առաջնորդուելու վեհ արժէքներով», ըսաւ «Խատուտիկ» ազգային կեդրոնի գլխաւոր տնօրէն Լիլիթ Շարբաթեան: