Բրիտանական BBC 3 ռատիոկայանը Մուսա լերան դիմադրութեան նուիրուած յատուկ հաղորդում պատրաստած է. հաղորդման պատրաստման հիմք հանդիսացած է հրէական ծագումով աւստրիացի յայտնի գրող Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 Օրերը» վէպը:
50 վայրկեան տեւողութեամբ հաղորդման ընթացքին հեղինակները յայտնած են, որ Վերֆելի այս ստեղծագործութիւնը կարելի է համարել 20րդ դարու ամենայուզիչ պատմական վէպը, որ կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն մուսալեռցի հայերու 53օրեայ դիմադրութեան իրական պատմութիւնը:
«Այս գիրքը կը բանայ ժամանակակից պատմութեան ամենախոր վէրքը, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը որոշեց ամբողջովին ոչնչացնել հայկական ծագումով սեփական քաղաքացիները», պատմած է հաղորդումի հեղինակ Մարիա Մարքարոնիս՝ նշելով, որ 1943ին առաջին անգամ հրատարակուած գիրքը թէեւ բազմաթիւ անգամներ յայտնուած է արգիլուած գիրքերու շարքին, սակայն այդ մէկը չէ խանգարած անոր 34 լեզուներով թարգմանուելուն:
Ըստ անոր՝ Հոլիվուտի մէջ պարբերաբար ուզած են ֆիլմի վերածել այս պատմութիւնը, սակայն այդ մէկը չէ իրականացած՝ թրքական իշխանութիւններու ստեղծած խոչընդոտներու պատճառով: