ՄԱՔՕ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Հայոց Ցեղասպանութենէն երեք տարի ետք՝ 1918ին, մինչ աւերուած ու արիւնաքամ Հայաստանը իր անկախութեան կը տիրանար, Հայաստանէն հազարաւոր մղոններ հեռու, ովկիանոսներէն անդին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Հոլիվուտ քաղաքին մէջ ծնունդ կ՛առնէր 1910ին Նիւ Եորքի մէջ հիմնադրուած ու տակաւին շա՜տ երիտասարդ կազմակերպութեան՝ Հայ Օգնութեան Միութեան Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղը: Մայր՝ Լոս Անճելըսի առաջին մասնաճիւղի հանգամանքով:
Սոյն մասնաճիւղի հիմնադիրները, թրքական բռնակալ պետութեան ճնշումներէն ու հալածանքներէն փրկուած, նաեւ տարագրութեան արհաւիրքը ճաշակած վերապրողներ էին, որոնք Վանէն, Մուշէն, Խարբերդէն, Կարինէն, Կիլիկիայէն եւ Արեւմտեան Հայաստանի զանազան շրջաններէն արմատախիլ եղած, սակայն հայրենի հողին համն ու հոտը տակաւին իրենց հետ շալկած՝ կայք հաստատած էին Հոլիվուտի, Մոնթեպելլոյի եւ Սան Ֆերնանտօ հովիտի անծանօթ ու խորթ, փոքրաթիւ հայերէ բնակուող շրջաններէ ներս: Հետեւաբար, Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղին միացած էին նաեւ այդ շրջաններու հայուհիները, միասնաբար ուխտած հաւատարիմ մնալ կազմակերպութեան մարդասիրական, ազգային ու հայրենական վեհ գաղափարներուն եւ օժանդակել անոնց կենսագործման: Այստեղ հարկ է նշել, թէ 1985-1910 սակաւաթիւ հայեր կ՛ապրէին Ամերիկայի զանազան նահանգներու մէջ: Այս թուականներուն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, իր կոմիտէութիւններով միասին, տենդագին աշխատանքի լծուած էր՝ ամերիկահայութիւնը կազմակերպելու եւ անոր նիւթաբարոյական ուժը ուղղելու դէպի հայրենիք եւ Ցեղասպանութեան հետեւանք՝ գոյապահպանման համար տառապող ու մաքառող տարագիրներուն:
Պատմական ու ճակատագրական այս ժամանակաշրջանին, առաջադրուած երկու գերխնդիր-նպատակ կար՝ ինչպէս Հայ Օգնութեան Միութեան բոլո՛ր մասնաճիւղերուն, նոյնպէս եւ «Մայր» մասնաճիւղին համար.
ա.- Մոխիրներէ վերածնած անկախ Հայաստանին օժանդակել անմնացորդ:
բ.- Նիւթապէս ու բարոյապէս զօրավիգ կանգնիլ Միջին Արեւելքի երկիրներէ ներս ապաստան գտած վերապրող հազարաւոր հայորդիներու ֆիզիքական գոյապահպանման ու անոնց հոգեմտաւոր զարգացման, այլ խօսքով՝ ազգակերտման կենսական գործին: Հարկ է յիշել, թէ Ամերիկան ընդհանրապէս, իսկ Արեւմտեան շրջանը՝ յատկապէս, խոպան դաշտ էր հայութեան ու հայկականութեան առումով. հերկել ու մշակել էր պէտք, ծաղկեցնելու համար համայնքային կեանքը Հոլիվուտի մէջ: Սակայն, ազգի մնացորդացը փրկելու գաղափարը ամէն բանէ վեր նկատելով՝ «Մայր» մասնաճիւղի անդամուհիները, տեղական կարիքները մէկդի ձգած յանուն ընդհանրականին՝ կը լծուին աշխատանքի. այդ օրերուն ներկայի բարենպաստ պայմաններն ու հնարաւորութիւնները գոյութիւն չունէին, նոյնիսկ ժողովատեղիներէ զուրկ ըլլալով, տուներէ ներս կը գումարէին ժողովները, մինչեւ որ ՀՅ Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ ու ջանքերով, ինչպէս նաեւ «Մայր» մասնաճիւղի նիւթական օժանդակութեամբ, անոնք Վենիս պողոտային վրայ գտնուող միայարկ, համեստ տան մը տէր կը դառնան՝ զայն անուանելով «Հայ Կեդրոն»:
Վերապրող այս սերունդը, հայատրոփ ու հայաբոյր միջավայրէ այս օտար ցամաքամասը հասած, անգլերէնին ու տեղական վարք ու բարքին բոլորովին անծանօթ, այս հրաշալի՛ սերունդը բազում դժուարութիւններ յաղթահարելով, մինչեւ իսկ տեղացիին անհանդուրժող ու խտրական հայեացքը իր վրայ կրելով՝ տակաւին իր մէջ ուժ կը գտնէ ոչ միայն իր ընտանիքը պահելու, այլեւ հաւաքական կամք ստեղծելով՝ հանգանակային ձեռնարկներ կազմակերպելու, հայրենի խոհանոցի բարիքները վաճառելով ու սեփական վաստակէն բաժին հանելով՝ ազգին ու հայրենիքին սատարելու: Եւ այսպէս, «Մայր» մասնաճիւղի անդամներուն ապահոված լուման, Հայ Օգնութեան Միութեան օրհնեալ գանձարանին մէջ բազմապատկուելով՝ օգնութեան կը հասնի անկախ Հայաստանին եւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն, յատկապէս Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ վերականգնող հայութեան: Տասնամեակներ շարունակ տեղական կարիքները մոռցած՝ ջանքերը ուղղեցին դէպի երկիր, դէպի հայաշատ գաղութներ: Այս միջոցին, անոնք կը փորձեն մերթ ընդ մերթ հայերէնի դասընթացքներ կազմակերպել, սակայն աննպաստ պայմաններու բերումով կ՛ընդհատուին անոնք: Ամերիկահայ սերունդներ կը զրկուին հայերէնի իմացութենէն: Միւս կողմէ, սակայն, ամերիկահայութեան լիաբուռն օժանդակութեան շնորհիւ, Միջին Արեւելքի հայ գաղութները կը ծաղկին, դպրոցաշինութեան ու եկեղեցաշինութեան շնորհիւ կը պատրաստուին հայագէտներ, կրթական մշակներ, մտաւորականներ ու հոգեւոր առաջնորդներ, որոնք յետագային կու գան ոռոգելու ամերիկահայութեան անջրդի անդաստանը:
Խունկ ու աղօթք այդ սքանչելի ու քաջարի սերունդին, որ Հայ Օգնութեան Միութեան դրօշին ներքոյ մնայունին կառչած՝ ծառայեց խոնարհաբար, փոխանցեց ջահը նոր սերունդին ու անկախ Հայաստան տեսնելու, երկիր վերադառնալու իղձն ու յոյսը իր սրտին՝ օտարութեան մէջ յաւէտ փակեց իր աչքերը:
Եկաւ նոր շրջան մը, երկրագունդի վրայ տեղի ունեցող բնական ու քաղաքական աղէտներ պատճառ եղան ինչպէս այլ երկիրներ, նոյնպէս դէպի Ամերիկա մարդկային հոսքի. հայութիւնն ալ զերծ չմնաց արտահոսքէն: Մեծ թիւով հայեր եկան հաստատուելու Արեւմտեան շրջան, իբրեւ առաջին կայան ունենալով Հոլիվուտ քաղաքը: Այդ օրերուն «Մայր» մասնաճիւղի անդամուհիները դարձան ընկերային ծառայողներ, առանց սակայն գրասենեակ ունենալու (սկզբնական շրջանին, ՀՕՄի ընկերային ծառայութեան գրասենեակներ գոյութիւն չունէին). անոնք գրկաբաց ընդունեցին նորեկները, օգնեցին անոնց տեղաւորման ու միջավայրին յարմարուելու գործընթացին: Անոնցմէ շատեր անդամագրուելով ՀՕՄի շարքերը՝ նոր աւիշ ու աւիւն ներարկեցին: «Մայր» մասնաճիւղը մարդուժով զօրացաւ եւ ժամանակը հասունցած համարելով՝ տեղական կարիքներն ու մտահոգութիւնները գոհացնելու աշխատանքին լծուեցաւ, առանց մոռնալու ընդհանրականը:
1958ին, նկատի ունենալով Սան Ֆերնանտօ հովիտի հայութեան թիւի աճը, «Մայր» մասնաճիւղը ծնունդ կու տայ Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Հոլիվուտ» մասնաճիւղին, որ յետագային վերանուանուելով՝ կոչուեցաւ ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղ, եւ իր աշխոյժ գործունէութեամբ, ներկայիս համայնքէն ներս ունի իր ուրոյն տեղն ու դերը:
1960ին, ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղը ծնունդ կու տայ նաեւ Մոնթեպելլոյի ՀՕՄի «Անի» մասնաճիւղին, որ ցարդ կը շարունակէ ծառայել շրջանէն ներս: Սոյն զոյգ նախաձեռնութիւններով, «Մայր» մասնաճիւղը իր նպաստը կը բերէ երկու համայնքներու գոյառման՝ միշտ լծակից եւ գործակից ունենալով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան տեղական կոմիտէութիւնները:
1964ին, Հոլիվուտի հայ համայնքը երկունքի շրջանէ մը անցնելով՝ ծնունդ կու տայ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանին, իսկ 1978ին՝ Ս. Կարապետ եկեղեցիին: Հայ ժողովուրդի գոյատեւման նպաստող՝ միտքի ու հոգիի լուսաւորման զոյգ կառոյցներ, որոնք կոչուած են պահելու ու պահպանելու հոգեւոր ու աշխարհիկ հայ գիրն ու գրականութիւնը: «Մայր» մասնաճիւղը խանդավառութեամբ եւ մեծ սիրով իր նիւթաբարոյական աջակցութիւնը կը բերէ այնքա՛ն երկար երազուած այս զոյգ ծրագիրներու իրագործման:
Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի գոյառման արդիւնք, մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ դպրոցը, որ տասնամեակներ շարունակ (ընդմիջումներով) մինչեւ 1968 թուական ծառայած էր շրջանէն ներս, կը դադրի: Սակայն, 1973ին, նկատի ունենալով պետական դպրոցներ յաճախող աշակերտութեան թիւի աճը եւ անոնց հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, մասնաճիւղը Շաբաթօրեայ դպրոցին դռները վերստին լայնօրէն կը բանայ հայ մանուկներուն, պարման-պարմանուհիներուն առաջ։ Ներկայիս, հարիւրաւոր աշակերտներ, ամէն Շաբաթ օր, նուիրեալ ուսուցիչներու կողմէ կը հաղորդուին մայրենի լեզուով ու ազգային մշակոյթի պատառիկներով:
1992ին, ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի հովանաւորութեամբ եւ իր անդամներէն՝ ընկհ. Մարի Փոստոյեանի իշխանական նուիրատուութեամբ, հիմը կը դրուի Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի մանկամսուրին, որ կը կոչուի ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի Մարի Փոստոյեան մանկամսուր: Մասնաճիւղը մօր մը նման կը գուրգուրայ համայնքէն ներս ազգապահպանման սատարող բոլոր կառոյցներուն՝ նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնելով անոնց բարելաւման ու գոյատեւման:
1984ին, ՀՕՄի Արեւմտեան ափի միաւորի ստեղծումէն ի վեր, «Մայր» մասնաճիւղը իր ամբողջական մասնակցութիւնը կը բերէ Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող համագաղութային եւ համահայկական բազում ծրագիրներու իրագործման, իսկ 1988էն սկսեալ՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի հետ առնչուող հայրենաշէն աշխատանքներուն:
Հայաստանէն ներս ունի քոյր մասնաճիւղ՝ ՀՕՄի «Ակնունի» մասնաճիւղը, որուն կ՛օժանդակէ իր կարողութեան ու հնարաւորութեան չափով:
54 տարիներու ՀՕՄականի իմ գործօն կարգավիճակով, ականջալուր եւ ականատես եղած եմ «Մայր» մասնաճիւղի ընկերուհիներուն յանձնառութեան, պատրաստակամութեան, անխոնջ ու անսակարկ նուիրումին ու ծառայութեան: Իմ համեստ կարծիքով՝ ընտրեալներ են անոնք՝ բառին ազնուագո՛յն իմաստով. ընտրեալներ՝ ո՛չ թէ փառքի ու պսակի, այլ խոնարհաբար ծառայելու, ի խնդիր վեհ գաղափարներու:
100 տարի բաշխուիլ ու տոկալ, մնալ պատնէշի վրայ, հակառակ հայ կեանքի վերիվայրումներուն՝ հերոսութի՛ւն է եւ արժանի մեր երախտագիտութեան:
Այստեղ հարկ է յիշել, թէ 108ամեայ ՀՕՄին սփիւռքեան ու հայրենական լայնածաւալ ու կոթողական գործունէութեան մէջ, «Մայր» մասնաճիւղը ունի իր արդար ու թանկարժէք լուման:
Արդ, Մարտ 4ին եւ 17ին, ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղը ծրագրած է իրերայաջորդ սերունդներու արդար վաստակին հարիւրամեայ արգասիքը պաշտօնական հանդիսութեամբ եւ խնճոյքով տօնախմբել: Եկէք միասնաբար երախտագիտութեամբ մասնակից դառնանք, շնորհաւորենք ու շնորհակալութիւն յայտնենք հարիւրամեայ պատուական այս «Մօր»:
Հայանուիրման ու բարեգործութեան մէկդարեայ գործունէութիւնը կարելի չէ խտացնել քանի մը էջերու մէջ, հետեւաբար՝ այստեղ կ՛ուզեմ յիշել հեղինակի մը գրիչին պատկանող հետեւեալ խօսքերը. «Ո՜վ մայր բնութիւն, եթէ դուն երբեմն մեզ չպարգեւէիր այս տեսակ զաւակներ, կեանքի արտը կը չորանար»: Այնքա՜ն կը պատշաճին այս խօսքերը «Մայր» մասնաճիւղի անցեալի ու ներկայի հաւատաւոր ու բարի սերմնացաններուն, որոնց անխախտ հաւատքին ու կամքին շնորհիւ, տարագրութեան դաժան օրերուն եւ անկէ ետք՝ մեր ազգային կեանքը չչորցա՛ւ:
Ձեր վարձքը կատա՛ր, հարիւր եւ աւելի տարիներ եւս ձեզի՛, դիմադրելու համար նոր օրերու նորատեսակ մարտահրաւէրներուն:
Կանաչ ճանապարհ եւ բարի երթ՝ Հայ Օգնութեան Միութեան հարիւրամեայ «Մայր» մասնաճիւղին։
Յունուար 17, 2018