ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Լոս Անճելըսի մէջ ՀՅԴ 127ամեակի տօնակատարութեան ծիրէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկներէն մէկը նորագիրներու երդման արարողութիւնն էր: Քառասունմէկ երիտասարդներ անցան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը: Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ կառոյցի կազմակերպական կեանքին մէջ երիտասարդական նոր շունչ մը ինքզինք զգալի կը դարձնէ: Գաղափարական տղաք ու աղջիկներ աւելի շատ կ՛երեւին կառոյցի բոլոր օղակներուն վրայ՝ ղեկավարման գործընթացին բերելով իրենց խանդը, վճռականութիւնն ու մտաւոր ներուժը: Անոնք մեր չորսդին են ժողովներու, ձեռնարկներու, հաւաքներու ընթացքին. անոնք իրենց նախաձեռնութիւններով, իրենց արթնութեամբ, իրենց յանդգնութեամբ կ՛ոգեւորեն մեզ:
Վերջին տարիներուն երիտասարդներու այս մնայուն հոսքը նաեւ կը պարտինք դաշնակցական շարքայիններու ընտանեկան դրդումներուն: Պէտք է տեսնել դաշնակցական ծնողներու հպարտութիւնը՝ իրենց զաւակներու երդման արարողութեան ժամանակ, անոնց նախանձելի երջանկութիւնը, թէ՝ յաջողած են զաւակներուն փոխանցել գաղափարական ու ազգային այն արժէքները, որոնք թանկագին են իրենց համար:
Երիտասարդական հոսքը կը պարտինք նաեւ շրջանիս մէջ կուսակցութեան քաղաքական եւ հասարակական լայն գործունէութեան տեսանելիութեան:
Դաշնակցութիւնը Արեւմտեան Ամերիկայի հայ համայնքին մէջ յարգանք պարտադրող, համախմբող ու առաջնորդող դերակատարութիւն ունի. հետեւաբար, հայկական կեանքին թէ տեղական քաղաքական գործընթացներուն մէջ գործունեայ ըլլալու ցանկութիւն ունեցող ոեւէ երիտասարդի համար, կուսակցութիւնը կը ներկայանայ իբրեւ առաջին ընտրութիւն:
Երիտասարդներու ներհոսքին մէջ կարեւոր է նաեւ այն իրողութիւնը, որ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ տարիքային բոլոր շերտերը համընթաց կը բազմանան՝ շարունակականութիւն ապահովելով ու շղթայական փոխազդեցութեան պայմանները աւելի ազդեցիկ դարձնելով:
Տե՛ղ տանք երիտասարդներուն: Այս հրամայականը արդէն կենսագործուած կը թուի ըլլալ: