ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, 26 Յունուարին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեանի, այցելութիւն մը տուաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն ու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր: