ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան գրառում մը կատարած է «Թուիթըր»ի վրայ, դէմ արտայայտուելով Աֆրինի մէջ շարունակուող թրքական «Ձիթենիի ճիւղ» ռազմական գործողութեան: «Պատերազմին կողմնակից անձերը եւս մեղսակից են այս պատերազմին։ Ո՛չ ըսէք Աֆրինի պատերազմին. այդ յանցագործութեան մասնակից մի՛ ըլլաք», գրած է հայազգի պատգամաւորը՝ դիմելով հանրութեան: «Իշխանութիւնները կը փորձեն լռեցնել իրականութիւնը արտայայտող անձերը եւ խաղաղութեան կողմնակիցները: Խաղաղութիւն փափաքիլը յանցանք չէ՛», աւելցուցած է Փայլան:
Նշենք, որ Թուրքիոյ զինեալ ուժերը Յունուար 20ին ներխուժեցին Սուրիոյ Աֆրին շրջանը, ուր կը ճակատին քրտական ուժերու դէմ։