ՊՈԼԻՍ.- Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ մը: Պոլսահայ «Ակօս» թերթին փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, Տինքի յիշատակի ձեռնարկին մասնակցած են Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ յայտնի մտաւորականներ ու քաղաքական գործիչներ:
Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ ունեցած է նաեւ Գերմանիոյ Կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Օզտեմիր՝ յայտարարելով, որ Տինքը սպաննողը թրքական պետութիւնն էր:
«Տինքի սպանութեամբ՝ Թուրքիոյ մէջ ժամանակը ետ գնաց: Թուրքիոյ մէջ հիմա նոյնիսկ մամուլը ազատ չէ», ըսած է Ճեմ Օզտեմիր:
Թուրք յայտնի իրաւապաշտպան Ռակըփ Զարաքօլու իր հերթին նշած է, որ Տինքի սպանութիւնը կազմակերպողները մէկ բան հաշուի չէին առած՝ այն, որ Տինքի սպանութիւնը Թուրքիոյ հասարակութեան մօտ խիղճի պայթիւն պիտի յառաջացնէ: «Այս առումով, Հրանդ Տինք իր մահով Թուրքիոյ մէջ շատ բան փրկեց», ըսած է Զարաքօլու: