ԱՇՏԱՐԱԿ.- Զանազան հարցերով եւ առաջարկներով մարզպետարան կը դիմեն քաղաքացիներ եւ կ՛ակնկալեն գործնական աջակցութիւն: Արագածոտնի մարզպետը յանձնարարած է իր աշխատակազմին, որ ամենայն պատասխանատուութեամբ մօտենան քաղաքացիներուն կողմէ արծարծուած հարցերուն եւ կարելի եաղած չափով օգնեն անոնց՝ լուծումներ գտնելու համար:
Մարզպետ Աշոտ Սիմոնեան մարզպետարանի աշխատակազմի կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները 24 Յունուարին իր մօտ հրաւիրեց աշխատանքային խորհրդակցութեան, որուն ընթացքին ան փոխանցեց վերոշարադրուած յանձնարարականը:
Մարզպետը նաեւ շեշտեց, որ յաճախ կը ներկայացուին ներդրումային ծրագիրներ՝ մարզին մէջ հողատարածքներ ձեռք բերելու եւ գործառնութիւն սկսելու համար: Նման առաջարկներ, առանց խտրութեան, պէտք է ուշադրութեան արժանանան եւ անհրաժեշտ է օգտագործել իւրաքանչիւր հնարաւորութիւն: Աշխատանքի հանդէպ նոր մօտեցումը էական է եւ հին, կարծրացած աշխատաոճը պէտք է փոխարինուի առաւել գործնական ու արդիական դրսեւորումներով: