ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ պետական «Աքշամ» թերթը Պիւլենտ Շանլըքանի ստորագրութեամբ հրատարակած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական ընտրութեան մասին թղթակցութիւն մը, որ շատ հեռու է իրականութիւններու վրայ հիմնուած ըլլալէ։ Հասկնալի չէ՛, թէ ի՛նչ հիման վրայ գրի առնուած է թղթակցութիւնը, որուն համար գործածուած է նաեւ դժուար հասկնալի խորագիր մը. «Պատրիարքարանին Մէջ Կանխուեցաւ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Կողմէ Պատրաստուած Աղտոտ Կարգադրութիւնը»։
Սլաքները ուղղուած են երեսփոխան Կարօ Փայլանին, որ կը մեղադրուի պատրիարքական ընտրութիւնը Հայաստանի ցանկացած ուղղութեան վրայ դնել ուզելու մեղադրանքով։ Պնդումն այն է, որ Կարօ Փայլան կը պաշտպանէ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլճեանի թեկնածութիւնը։ Չուլճեան սրբազանը կը ներկայացուի իբրեւ Սփիւռքի «աչքի լոյսը», եւ ջատագով մըն է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարին։
Յօդուածին մէջ կը պատմուի, որ Գարեգին արք. Պէքճեան տեղապահ ընտրուեցաւ ու Պոլիս եկաւ՝ պարտականութիւնը կատարելու համար, ապա կազմուեցաւ նաեւ ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմին մը, բայց կառավարութիւնը յարմար չնկատեց այդ մարմինը։ Թերթը կը գրէ նաեւ, որ Արամ արք. Աթէշեան ինը տարի պատրիարքական փոխանորդի պաշտօն կատարելէ ետք այդ պաշտօնէն հրաժարեցաւ՝ ժողովուրդի ճնշումին ընդառաջելով։
Մինչ այդ, նշենք, որ Գարեգին արք. Պէքճեան այս օրերուն կը գտնուի Գերմանիա, գլխաւորելու համար Գերմանիոյ թեմի նոր առաջնորդի ընտրութեան սկզ-բնական գործընթացը։ Գերմանիոյ առաջնորդարանը կը տեղեկացնէ, թէ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Յունուար 9 թուակիր նամակով ընդունած է Գարեգին արք. Պէքճեանի հրաժարականը եւ տուած է հայրապետական իր օրհնութիւնը՝ ընտրելու Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ մը։ Իսկ Յունուար 12ին գումարուած արտահերթ ժողովը առաջնորդական տեղապահ ընտրած է Սերովբէ վրդ. Իսախանեանը։