ԼՈՆՏՈՆ, «Տէյլի Սթար».- «Սթոք Սիթի»ի դէմ Անգլիոյ ախոյեանութեան 23րդ փուլի խաղէն առաջ «Մանչեսթըր Եունայթըտ»ի գլխաւոր մարզիչ Ժոզէ Մորինիօ բացատրեց, թէ ինչո՛ւ խաղացողներու ցուցակի վրայ չէ ընդգրկուած Հենրիկ Մխիթարեանը:
«Կը ստեմ, եթէ ըսեմ, որ մարտավարական որոշում մըն էր ատիկա: Պարզապէս, մենք որոշած ենք մարզադաշտ իջեցնել այն մարզիկները, որոնք հիմա կեդրոնացած են «Մանչեսթըր Եւնայթըտ»ի մրցումներուն վրայ: Գիտեմ, որ ֆութպոլիստի մը համար բարդ է խաղալ, երբ ան դեռ չէ կողմնորոշուած իր ապագայի հարցով: Այս գործօնը դարձած է ճնշման պատճառ: Մենք որոշած ենք պաշտպանել Մխիթարեանը: Ցանկին մէջ զայն չընդգրկելը լաւագոյն լուծում է խաղացողին եւ խումբին համար», ըսաւ Մորինիօ:
Յիշեցնենք, որ անգլիական մամուլի տուեալներով, Մխիթարեան կրնայ յայտնուիլ «Արսենալ» խումբի մէջ: