ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- 10 Յունուարի երեկոյեան, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի (ՄԻՊ) որոշումով՝ հոգեբանէ մը, բժիշկէ մը եւ իրաւաբանէ մը կազմուած աշխատանքային խումբ մը անակնկալ այց կատարեց «Նուբարաշէն» բանտ՝ տեսակցելու «Սասնայ Ծռեր» խումբի անդամ բանտարկեալներ Արայիկ Խանդոյեանի, Արմէն Բիլեանի եւ Սմբատ Բարսեղեանի հետ:
Այցին ընթացքին ուսումնասիրուեցան վերոնշեալ բանտարկեալներուն պահման պայմաններն ու բժշկական փաստաթուղթերը:
Արմէն Բիլեան այցելուներուն տեղեկացուց, որ ունի գլխու ցաւեր եւ գլխապտոյտ: Բիլեան 21 Դեկտեմբեր 2017ին եւ 9 Յունուար 2018ին զննուած է բժշկական աշխատանքային յանձնաժողովին կողմէ, եւ նշանակուած է դեղորայքային բուժում: Արմէն Բիլեան, սակայն, դեղերը չէ ընդունած՝ հացադուլի մէջ գտնուելու պատճառով:
Արմէն Բիլեանի վերաբերեալ փաստաթուղթերու ուսումնասիրութեան հիման վրայ՝ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը արձանագրած է, որ Արմէն Բիլեան ունի հոգեբանական հետեւողական աջակցութեան կարիք: Բացի այդ, երկարատեւ հացադուլի վնասակար հետեւանքներէն խուսափելու համար, ան մշտական բժշկական հսկողութեան կարիք ունի:
Բժշկական մշտական հսկողութեան կարիք զգացուած է նաեւ Սմբատ Բարսեղեանի համար, որ նոյնպէս թոյլ վիճակի մէջ կը գտնուի հացադուլին պատճառով:
Նշենք, որ ՊՊԾ գնդի գրաւման գործով Աւան եւ Նոր Նորք ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ ընթացող դատական նիստի մեկնարկէն ետք «Սասնայ Ծռեր»ու անդամ Արմէն Լամբարեան յայտարարած էր, որ չ՛ուզեր նիստին մասնակցիլ եւ կը հրաժարի իրաւապաշտպանէն: Անոր միացած էինն միւս ամբաստանեալները եւ յայտարարած, որ կը մերժեն նիստին մասնակցիլ յաջակցութիւն հացադուլ յայտարարած իրենց ընկերներուն՝ Արմէն Բիլեանին եւ Սմբատ Բարսեղեանին: