ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Իսրայէլացի ականաւոր գիտնական Եայիր Օրոն 21 Դեկտեմբեր 2017ին, պաշտօնապէս դիմեց Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւն՝ պահանջելով բոլոր ներքին փաստաթուղթերը այն համաձայնագիրներուն եւ պարտաւորութիւններուն, զորս Իսրայէլի պետութիւնը ստանձնած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալու հարցով։
Օրոնի փաստաբան Էյթայ Մաք արտաքին գործոց նախարարութիւն ուղարկած իր խնդրանքին մէջ կը նշէ, որ «Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով պաշտօնական Իսրայէլի ժխտումը կապուած է Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական եւ ռազմական յարաբերութիւններուն, իսկ վերջին տարիներուն, նաեւ Ատրպէյճանի հետ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններուն»։
Փրոֆ. Օրոնի խնդրանքին մէջ, Իսրայէլի տեղեկատուութեան ազատութեան օրէնքին համաձայն, կը բացատրուի, որ «Թուրքիա Իսրայէլէն գնած է միլիառաւոր տոլարներու ուսումնական եւ ռազմական համակարգեր: Զէնքի գծով գործարքները կը ներառեն ինքնաթիռներու եւ հրասայլերու, ռատարի եւ վերահսկողութեան համակարգերու, հրթիռներու եւ զինամթերքի արդիականացում»: Ատրպէյճան եւս Իսրայէլէն գնած է մօտաւորապէս 5 միլիառ տոլար արժողութեամբ ժամանակակից զէնքեր:
2011ին, Քնեսեթի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ քննարկումներուն ընթացքին, փոխարտաքին գործոց նախարար Տանի Այալոն եւ Քնեսեթի կրթութեան յանձնաժողովի նախագահ Ալեքս Միլըր միանշանակ կերպով բացառած են Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հնարաւորութիւնը՝ իսլամական աշխարհին մէջ Իսրայէլի «գլխաւոր» ռազմավարական դաշնակիցին՝ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները չվնասելու նպատակով»:
Փրոֆ. Օրոնի նամակին մէջ նաեւ մէջբերումներ եղած են «Մեր տունը Իսրայէլն է» (Yisrael Beiteinu) աջակողմեան կուսակցութեան քանի մը ղեկավարներէն՝ նշելով, որ անոնք թոյլ պիտի չտան, որ Քնեսեթ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: «Մեր տունը Իսրայէլն է» կուսակցութեան ղեկավարը Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպերմենն է: Ի նպաստ Ատրպէյճանի քարոզիչ եւ Իսրայէլ-Ատրպէյճան միջազգային ընկերակցութեան խօսնակ Արյէ Կութ հաստատած է, որ «Լիպըրմէն ատրպէյճանա-իսրայէլեան գործընկերութեան ճարտարապետներէն է»: «Էր.Թի.Վի.» (RTV) հեռատեսիլի ընկերութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Լիպերմեն յայտարարած է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը «տեսականօրէն պատմական վիճայարոյց հարց մըն էր, եւ անոր ճանաչման բացակայութիւնը անպայմանօրէն չ՛առնչուիր Թուրքիոյ, այլ, առաջին հերթին՝ Ատրպէյճանի հետ (Իսրայէլի) ռազմավարական յարաբերութիւններուն»: Փրոֆ. Օրոն կը շեշտէ, որ այս փաստարկները շատ նման են անոնց, որոնք կը ժխտեն հրէական Ողջակիզումը:
Որպէս Ատրպէյճանի հետ Իսրայէլի սերտ յարաբերութիւններու օրինակ, փրոֆ. Օրոն իր նամակին մէջ կը տեղեկացնէ, որ 26 Փետրուար 2016ին, «613 ծառ տնկուեցաւ Խայիմ Վէյցմանի (Իսրայէլի առաջին նախագահ) անտառին մէջ՝ «Խոջալուի ցեղասպանութեան 24 ամեակ»ին առթիւ, ինկած 613 զոհերու յիշատակին. ծառատնկումի արարողութեան ներկայ էր (Քնեսեթի անդամ) Աւիկտոր Լիպերմենը: Միայն Ատրպէյճան եւ Թուրքիա կը նշեն այս «ցեղասպանութեան» տարելիցը: Վերջին տարիներուն, պաշտօնական Իսրայէլ դարձած է Խոջալուի ենթադրեալ ցեղասպանութեան պահանջի ուղղակի եւ անուղղակի սատարողը: Խոջալուի ճակատամարտը տեղի ունեցած է Փետրուար 1992ին, Լեռնային Ղարաբաղի հարցով տեղի ունեցող Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ դաժան պատերազմին ընթացքին: Կան քանի մը վարկածներ, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է այնտեղ, ներառեալ զոհերու թիւը, սակայն մէկ հարցով միջազգային հանրութիւնը միակարծիք է. այն, թէ, իր ընդհանուր սահմանումով, հոն ոչ մէկ ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է»:
Փրոֆ. Օրոն կ՛եզրափակէ Իսրայէլի կառավարութեան ուղղուած իր խնդրանքը՝ նշելով, որ «կասկած չկայ, թէ Իսրայէլի պետութիւնը ոչ միայն «առեւտուր» կ՛ընէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով, այլեւ անոր վերաբերեալ իր վրայ իրական պարտաւորութիւններ վերցուցած է՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ կնքած համաձայնագիրներուն մէջ:
Հետեւաբար, փաստաբան Մաք յատուկ կերպով կը պահանջէ, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը գաղտնազերծէ հետեւեալ տեղեկութիւնը.
- «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ ունեցած որեւէ համաձայնութեան, փոխըմբռնման եւ պայմանաւորուածութեան փաստաթուղթերը»:
- «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով որեւէ նամակագրութիւն՝ Թուրքիոյ կամ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու հետ»:
- «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով Թուրքիոյ կամ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու հետ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչներու հանդիպումներու կամ շփումներու վերաբերեալ տեղեկութիւն»:
- «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ արտաքին գործոց նախարարութեան որոշումներուն եւ դիրքորոշումներուն առնչուող փաստաթուղթեր՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած բողոքներու լոյսի տակ»:
Տակաւին յայտնի չէ, թէ արդեօք Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը կատարէ՞ փրոֆ. Օրոնի օրինական պահանջը: Թէ՛ ամերիկեան, թէ՛ բրիտանական կառավարութիւնները, որոնք ներքին տեղեկութեան բացայայտման պահանջներու վերաբերեալ նմանօրինակ օրէնքներ ունին, արձագանգած էին իրենց քաղաքացիներու այսօրինակ պահանջներուն՝ հրապարակային դարձնելով Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ գաղտնի փաստաթուղթերը: Հասկնալի է այն, որ, եթէ Իսրայէլի կառավարութիւնը գաղտնիութեան պատճառով անընթեռնլի դարձնէ գաղտնազերծուած փաստաթուղթերու որոշ հատուածներ՝ ապա այդ ըրած պիտի ըլլայ տեղեկութիւնը տրամադրող անձերուն ինքնութիւնը պաշտպանելու կամ ազգային անվտանգութեան նկատառումներով:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ