ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի բնակիչը նոր տարին սկսաւ գնաճին ու թանկացումներուն պատճառած պրկումներով:
Յայտնի է, որ ժողովրդային դժգոհութեան ալիք մը կայ՝ ընդդէմ այս թանկացումներուն: Այդ ալիքը կը վերածուի՞ ժողովրդային բողոքի ցոյցերու, թէ պարզապէս կը դառնայ արտագաղթի մէկ նոր ազդակ: Յամենայնդէպս, ընդդիմութիւնը, յանձինս «Ելք» դաշինքին, որոշած է օգտուիլ պահէն եւ ժողովրդային բողոքի ցոյցերով իշխանութեան վրայ ճնշում բանեցնել: Իշխանութեան գլուխ կանգնողները, ներառեալ՝ նախագահը, այս անգամ որոշած են չանտեսել խնդիրը եւ առնուազն ձեւացնել, թէ կը փորձեն մեղմացնել թանկացումներու ծանր հետեւանքները: Նախագահին՝ այս հարցով տնտեսութեան պատասխանատուներու խորհրդակցական հանդիպում կատարելու նախաձեռնութիւնը, նոյնի՛սկ եթէ ձեւական է, կրնայ որոշ պաշտօնատարներ մղել, որ մեղմացման նպաստող քայլեր ձեռք առնեն:
Մեղմացումը, անշուշտ, ընկերվարական գաղափարախօսութիւն ունեցող կուսակցութեան մը համար նպատակ չի՛ կրնար ըլլալ: Իշխանութեան հետ համագործակցութեան դաշինք կնքած ըլլալու փաստը կրնայ «մեղմացման» ժամանակաւոր լուծումը հանդուրժելի դարձնել, եթէ անշուշտ այդ ժամանակաւորը հիմնականի վերածելու նախապայմանները տեսանելի ըլլան: Այս մեկնակէտէն է, որ Դաշնակցութիւնը իր մատը պիտի պահէ ժողովուրդի բազկերակին վրայ, մի՛շտ մտահոգ երկրի կայունութեամբ, սակայն նաեւ՝ հարեւան երկրի փորձէն հարստացած, պնդելով արդար համակարգի արագաքայլ իրականացման անհրաժեշտութիւնն ու առաջնահերթութիւնը:
Ի միջի այլոց, երկրի տնտեսական վիճակը մշտադիտարկող, խնդիրները ուսումնասիրող յատուկ յանձնախումբ մը ստեղծելու Դաշնակցութեան նախաձեռնութիւնը կարելի չէ չգնահատել: Այդ ոլորտը երբեք անտեսած չըլլալով՝ յատուկ մասնագիտական խումբ մը գործի լծելն ու զայն հրապարակային բեմ առաջ մղելը կրնան շատ աւելի արդիւնաւէտ ըլլալ։