«Ակօս» թերթը կը տեղեկագրէ, թէ 5 Յունուարի գիշերը, Պրիւքսէլի Սհարպեք թաղամասին մէջ գտ-նուող հայկական «Սահակեան» միութեան շէնքին վրայ անյայտ անձեր կրա-կած են եւ դիմած են փախուստի: Յարձակման հետեւանքով վնասուած են շէնքի դուռն ու պատուհանները: Զոհեր ու վիրաւորներ չկան: Կազմակերպութիւնը ներկայիս փակ է, սակայն շուտով պիտի վերաբացուի:
Աղբիւրը կ՛ենթադրէ, որ յարձակումը կրնայ իրականացուած ըլլալ ազգայնամոլական գետնի վրայ, քանի որ թաղամասը մեծամասնութեամն թուրքերով բնակուած է: Այնտեղ կ՛ապրին Թուրքիայէն գաղթած քաղաքացիներ, որոնք տարիներով յայտնի են իրենց ազգայնամոլական գործունէութեամբ: «Ակօս»ը կը յիշեցնէ, որ 6 տարի առաջ այստեղ յարձակման ենթարկուած էին հայկական եւ ասորական կազմակերպութիւնները:
Իսկ տեղւոյն թաղապետը ազգութեամբ թուրք Էմիր Քիրն է, որ քանի մը անգամ քիւրտերուն արգիլած էր թաղամասին մէջ ցոյցեր կազմակերպել:
«Սահակեան» միութեան վրայ կատարուած յարձակումը իրականացուած է Սուրբ Ծննդեան նախօրեակին, ինչ որ պատահական չէ:
Դէպքին վերաբերեալ հետաքննութիւն սկսած է: