ԵՐԵՒԱՆ.- «Սինոփսիս Արմէնիա» ընկերութիւնը Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբերին ներկայացուց 2017ի ընթացքին արհեստագիտական կրթութեան զարգացման աջակցող իր ծրագիրները Հայաստանի առաջատար համալսարաններուն հետ, այսպիսով ամփոփելով իր հիմնական արդիւնքներն ու ձեռքբերումները: Միջոցառման ներկայ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտ-չեան, շնորհաւորելով «Սինոփսիս»ի կրթական ծրագիրի շրջանաւարտները՝ յայտնեց, որ վերջիններս կը ստանան ոչ միայն համալսարանի, այլեւ աշխարհահռչակ ընկերութեան որակի հաւաստում:
«Յիշում եմ, երբ «Սինոփսիս» ընկերութիւնն առաջին իր ծրագիրը սկսեց Հայաստանում, որքան ոգեւորութիւն կար եւ ինչպիսի հիանալի ծրագրերի մասին էինք խօսում: Այսօր՝ տարիներ անց, կարող ենք փաստել, որ դրանց մեծ մասն իրականացուել է, որովհետեւ եթէ այսօր խօսում ենք կրթութիւն-գիտութիւն-բիզնես համագործակցութեան մասին, ապա որպէս առաջին օրինակ՝ բերում ենք այս ընկերութեանը: Շնորհակալ եմ նաեւ մեր համալսարաններին. նրանք առաջիններից էին, որ կարողացան կառուցուածքային որոշակի փոփոխութիւններով սկսել այն ծրագիրը, որը կոնկրետ (յստակ-Խմբ.) գործնական արդիւնքներ բերեց: Այսօր հարիւրաւոր երիտասարդներ աշխատում են ոչ միայն «Սինոփսիսում», այլ նաեւ տեղական եւ արտասահմանեան ընկերութիւններում», ըսաւ նախարարը:
«Սինոփսիս Արմէնիա»ի նախագահ Երուանդ Զօրեան, բարձր գնահատելով կրթական ծրագիրի արդիւնքները՝ ըսաւ. «Միկրոէլեկտրոնիկայի նման արագ փոփոխուող ոլորտում արհեստավարժ եւ արտադրութեանը պատրաստ շրջանաւարտներ կրթելու գործում խիստ կարեւոր է բիզնեսի եւ կրթութեան սերտ եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը: Մենք հետեւողականօրէն շարունակում ենք զարգացնել այս բացառիկ համալսարան-արդիւնաբերութիւն մոդելը՝ կիրառելով ուսումնական ծրագիրը խորացնող եւ ընդլայնող տարբեր նորարարական մեթոդներ»:
Ձեռնարկին ընթացքին «Սինոփսիս»ի կրթական ծրագիրի աւարտական վկայականներ յանձնուեցան գործընկեր համալսարաններու 2017ին իրենց ուսումնառութիւնը յաջողութեամբ աւարտած 129 շրջանաւարտներու՝ 50 մագիստրոսի եւ 79 պասակաւոր արուեստի (գիտութեան), որոնց 100 տոկոսը արդէն իսկ սկսած է իր ճարտարագիտական աշխատանքը համապատասխան բարձր արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ:
Նշենք, որ իր գործունէութեան ընթացքին «Սինոփսիս Արմէնիա»ի ուսումնական ծրագիրը աւարտած են միջազգային չափորոշիչները բաւարարող եւ գործնական հմտութիւններ ունեցող 841 բարձրորակ մասնագէտներ, որոնց 77 տոկոսը ընդունուած է աշխատանքի «Սինոփսիս Արմէնիա» ընկերութեան մէջ: