ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան Ուրբաթ, 14 Դեկտեմբերին ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արցախի կեդրոնական եւ շրջանային կոմիտէներու պատասխանատուները՝ քննարկելու համար գիւղատնտեսութեան զարգացման հայեցակարգին հետ կապուած որոշ հարցեր:
Հանդիպման ընթացքին Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան ըսաւ, որ կուսակցութիւնը սոյն նիւթին շուրջ քննարկումներ իրականացուցած է եւ հաւաքագրուած առաջարկներու ծրարը կը փոխանցէ պետական նախարարին: