ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Նոյեմբեր 21ին վարչութեան ատենապետ Արթին Մանուկեան եւ համայնքային հարցերու վարիչ Մարկարիթա Բաղդասարեան հանդիպում մը ունեցած են Կլենտէյլ քաղաքի հրշէջներու բաժանմունքի պետ Կրեկըրի Ֆիշի եւ հանրային ապահովութեան համակարգող Անիթա Շանտիի հետ։
Մանուկեան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է քաղաքի հրշէջներուն անձնուէր սպասարկութեանց, որոնց նպատակն է երաշխաւորել քաղաքին եւ անոր մօտակայ շրջաններու բնակիչներուն ու տարածքներուն ապահովութիւնը։ Ան նաեւ դրուատած է բաժանմունքին մէջ բազմազանութիւն քաջալերելու նպատակով տարուած աշխատանքը։
Ապա տեղի ունեցած է քննարկում մը՝ բաժանմունքին մէջ քաղաքի տարբեր համայնքներու ներկայացուցչութիւնը աւելի արդար դարձնելու համար, շեշտ դնելով յատկապէս հայ նորագիրներ ներգրաւելու աշխատանքին վրայ։