ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Արեւմտեան Ամերիկայի Ընկերային ծառայութիւնը իրեն դիմող կարօտեալ ընտանիքներուն տօնական ուրախալի օրեր պարգեւելու հեռանկարով, նախաձեռնած է «Ընտանիք մը Որդեգրէ» ծրագիրը: Մարդասիրական այս նախաձեռնութիւնը իր նպատակին ծառայելու համար, ՀՕՄի Ընկերային ծառայութիւնը կ՛ակնկալէ գաղութի դրական արձագանգը, խնդրելով անոնց նուիրել անհրաժեշտ կարիքներ՝ ուտելիք, հանդերձանք, կենցաղային միջոցներ, ծանօթ հաստատութիւններէ գնումի բացիկներ եւ այլն…:
Այն նուիրատուները, որոնք հետաքրքրուած են այս ծրագիրով, ՀՕՄի Ընկերային ծառայութիւնը պատրաստ է անոնց տրամադրելու կարօտեալ ընտանիքի մը անհրաժեշտ կարիքներու ցուցակը: «ՀՕՄի Ընկերային ծառայութիւնը ամէնօրեայ ականատեսն է պահանջներուն անբաւարար եկամուտ ունեցող ընտանիքներու, որոնք կը պայքարին ապահովելու իրենց եւ իրենց սիրելիներուն կեանքի ամենատարրական կարիքները: Այս իմաստով, օժանդակութիւն կը խնդրենք մեր կազմակերպութիւններէն եւ նուիրատուներէն, որպէսզի կարելի ըլլայ տօնական ուրախ մթնոլորտը փոխանցել այս ընտանիքներուն եւ մանաւանդ անոնց երեխաներուն», այս առիթով ըսաւ ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակներու գործադիր-տնօրէն Դալար Այնթապլեանը:
Կարեւոր այս ծրագիրով նուիրատուները կարելիութիւնը պիտի ունենան ուղղակի կապուելու կարօտեալ այս ընտանիքներուն հետ եւ իրենց բարիքին արդիւնքը տեսնելու անոնց մօտ: ՀՕՄի Ընկերային ծառայութիւնը կ՛ակնկալէ, որ այս ծրագիրը լայն արձագանգ գտնէ համայնքէն ներս եւ մեծ թիւով ընտանիքներու օգտակար հանդիսանայ:
Ոեւէ օգնութիւն հրճուանք պիտի պատճառէ այս ընտանիքներուն եւ ժպիտ պիտի բերէ անոնց փոքրիկներու դէմքերուն: Ընտանիք մը որդեգրելու կամ այս ծրագիրին գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ ունենալու համար, հաճեցէք կապ հաստատել Դալար Այնթապլեանին հետ, հեռաձայնելով (818) 241-7533 x101 թիւին կամ դիմելով socialservices@arswestusa.org հասցէին:
* * *
ՀՕՄի Ընկերային ծառայութիւնը հաւատարմօրէն մատուցում է գրասենեակային ծառայութիւնն անբաւարար եկամուտ ունեցող անհատներին եւ ընտանիքներին, իր չորս գրասենեակներով, որոնք գտնւում են Կլենտէյել, Փասատինա, Հոլիվուտ եւ Նորթ Հոլիվուտ քաղաքներում:
Ծառայութիւնների մէջ ընդգրկուած են հարցաթերթիկների լրացում, բնակարանային եւ փոխադրամիջոցի առնչուող հարցերի լուծում, աշխատանքի տեղաւորելու ծառայութիւններ, անգլերէնը որպէս երկրորդ լեզու դասընթացներ, անվճար քաղաքացիութեան քննութեան պատրաստում եւ աւելին: ՀՕՄի գրասենեակ կարող էք զանգահարել հետեւեալ հեռախօսահամրով՝ (818) 241-7533 կամ socialservices@arswestusa.org էլեկտրոնային հասցէով: